2018-05-01 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Տիվինօ Ամորէ սրբավայրը


Երեքշաբթի, 1 մայիս 2018-ին, յետմիջօրէին  Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած «Տիվինօ Ամորէ սրբավայրը» ուր վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով  բացումը  կը կատարէ Տիրամօր նուիրուած  Մայիս ամսուան, որմէ ետք Սրբազան Հայրը սրբավայրին մէջ կը հանդիպի մայրապետներու հասարակութեան ինչպէս նաեւ սրբավայրին մօտ գտնուող ծերանոցի տարեցներուն հետ:

Տիվինօ Ամորէ սրբավայրին մեծաւոր՝ Հայր Լուչիանօ Շակաս Քոզթա, Վատիկան Նիուզ լրատու գործակալութեան  հետ ունեցած զրոյցի  մը ընթացքին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապի սոյն այցելութեան յայտնեց թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ կը շարունակէ նախորդ Քահանայապետերուն աւանդութիւնը ՝  մայիs ամսուան սկիզբu այցելելով Տիվինօ Ամորէ սրբավայրը,  պաշտօնապէս բացումը կատարելու Մայսիս ամսուան,  հայցելով Տիրամայրէն  ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւն:  Հայր Լուչիանօ ապա վստահեցուց թէ  ֆրանչիսկոս Պապին այս  այցելութիւնը պտղաբեր  կը դառնայ բոլորին համար \փոխելով մարդոց սիրտերը նաեւ կարծրացած սիրտերը:  








All the contents on this site are copyrighted ©.