2018-04-30 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «հազուագիւտ կեանք» ընկերակցութեան անդամները


Երկուշաբթի, 30 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «հազուագիւտ կեանք» անուամբ ընկերակցութեան անդամները»:

Յայտնենք թէ վերոնշեալ ընկերակցութիւնը շահոյթ չհետապնդող ընկերակցութիւն մըն է, որուն նպատակէտն է զօրակցիլ գիտական հետազօտութեան ի նպաստ  առողջապահութեան պահպանումին եւ հազուագիւտ հիւանդութիւններուն բուժումին։

Հանդիպման առթիւ ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ ինք միշտ ուրախ է երբ կը հանդիպի հազուագիւտ հիւանդութիւններու  գիտական փնտռտուքի աջակցող ընկերակցութիններուն։ Ան ապա  հաստատեց թէ այո միշտ կայ տառապանքի եւ յոգնութեան ցաւեր՛,  սակայն ինք միշտ յոյժ կը տպաւորուի  այն ընտանիքներու զօրաւոր կամքէն. որ   միասնաբար կը համախմբուին   դիմագրաւելու  այդ ցաւի  իրականութիւնը եւ բան մը ընելու զայն լաւացնելու համար՝  

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուղղելով  հանդիպումին   ներկայ գտնուող Ճօրճօ,  Ռոզիթա ամոլին ու իրենց հիւանդ զաւկին Դաւիլլին յարեց   « Թուք ձեր մէջ զգացիք  ձեր զաւկին  համար բան մը ընելու մղումը,  ինչպէս նաեւ բան մը ընելու մղում   հազուագիւտ հիւանդութենէ  տառապող անձերուն ու անոնց հարազատտներուն համար» ան ապա մատնանշեց ընկերակցութեան անունին «հազուագիւտ կեանք» յայտնելով թէ  անիկա խօսուն է որովհետեւ կը բացայայտէ Դաւիթին իրականութիւնը,  ու թէ դրական է որովհետեւ կը յայտնէ թէ ընկերակցութեան անդամները եւս դրական հայաեցաք ունին որովհետեւ իրազեկ են որ իւրաքանչիւր մարդկային կեանք եզակի է եւ թէ եթէ հիւանդութիւնը հազուագիւտ է, անկէ առաջ կեանքն է որ հազուագիւտ եւ եզակի եղած է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելնցնելով թէ այդ դրական նայուածքը-  սէրը բնորոշող  հրաշք մըն է եւ թէ այդ Սէրը  գիտէ նաւըւ  տեսնել բարին նոյնիսկ բացասական իրողութիւններուն մէջ  ու  մութ գիշերուան մէջ պահպանել բոցի նշոյլը։

Սէրը ըսաւ ապա Սրբազան Պապը այլ հրաշք մը կը գործէ ան կ՛օգնէ բաց ըլլալու ուիրիշներուն նկատմամբ,  կարող  բաժնեկցելու, զօրավիգ ըլլալու նաեւ ծանր հիւանդութեան ու պայմաններու մէջ գտնուող անձերուն։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ  «700 քմ վազք» ձեռնարկին որ այսօր հասաւ  Հռոմ ըսաւ Ան զայն որակելով  «կեանքի

եւ յոյսի  համար վազք  մը»։  Ան ապա խօսքը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով  բոլորին ապա իր  առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց  ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան  աղօթել իրեն  համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.