2018-04-30 10:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը պիտի տօնախմբէ «Օսթիայի» մէջ։


(Վատիկան Նիուզ) Յառաջիկայ 3 Յունիս 2018-ին, Յիսուսի Սուրբ Մարմնոյ եւ Սուրբ Արեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան վեցին, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Հռոմի մօտակայքը գտնուող ծովեզերեան շրջանի Օսթիա քաղաքին Սանթա Մոնիքա ժողովրդապետութեան հրապարակին վրայ։  Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Տան հոգաբարձութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր այս որոշումով անգամ մը եւս կը կարեւորէ արուարձանները ու կը կրկնէ Պօղոս Զ Քահանայապետին կատարած քայլը՝ որ 1968-ին Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը նախագահեց Օսթիայի մէջ, 

Յայտնենք թէ աւանդութեան համաձայն վերոնշեալ տօնի թափօրը՝ քառասուն տարիէ ի վեր ամէն տարի տեղի կ՛ունենար Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան մայր տաճարին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ երրորդ անգման ըլլալով պիտի այցելէ Օսթիան որ իր 300 հազար բնակչութեամբ կը հանդիսանայ Լացիօ Մարզի երկրորդ քաղաքը։

Նորին Սրբութիւնը առաջին անգամուան համար այցելած է Օսթիան 2015-ի մայիս 3-ին, Հռոմի Թեմի ժողովրդապետութիւններուն տուած իր այցելութիւններուն ծիրէն ներս։ Այդ առթիւ այցելեց Օսթիայի «Ռեճինա Փաչիս» ժողովրդապետութիւնը, մինչ երկրորդ այցելութիւնը, այս անգամ անակնկալ կերպով, տեղի ունեցաւ Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն ընթացքին, «Ողորմութեան Ուրբաթ Օրեր» ձեռնարկի ծիրէն ներս, երբ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց մի քանի բնակարաններ ու Զատկուան տօնին առթիւ օրհնեց տուներն ու ընտանիքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.