2018-04-29 10:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը փոքրիկն Ալֆիի մահուան ի լուր։


(Վատիկան Նիուզ) Ծնունդէն ի վեր անյայտ հիւանդութենէ տառապող անգլիացի փոքրիկն Ալֆիին ու անոր ծնողաց պատմութիւնը յուզեց համայն աշխարհը։ Վերջ ի վերջոյ բժիշկներն ու անգլիական դատարանները որոշեցին անջատել փոքրիկն Ալֆին կեանքի մէջ պահող գործիքները եւ ի զուր հանդիսացան միջազգային կոչերը ու Հռոմի «Մանուկ Յիսուս» հիւանդանոցի տրամադրութիւնը՝ Ալֆին փոխադրելու Հռոմ ու անոր խնամքը շարունակելու վերոնշեալ կառոյցին մէջ։ Ի զուր եղան նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչերը որ ի լուր Ալֆիի մահուան, շաբաթ 28 ապրիլին, քահանայապետական թուիթըրեան կայքի միջոցաւ յայտնեց իր ցաւը ու իր աղօթքները ապահովեցուց Ալֆիին ու անոր ծնողքին։

«Խորապէս ազդուած եմ փոքրիկն Ալֆիի մահուընէ։ Այսօր յատուկ օրէն կ՛աղօթեմ անոր ծնողքին համար, մինչ Հայր Աստուած զայն կ՛ընկալէ իր քնքուշ ողջագուրումին մէջ» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը








All the contents on this site are copyrighted ©.