2018-04-28 09:03:00

Ռուսիա յոյս Ունի, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Քրեմլին յոյս ունի, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի. այսպէս յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ ըստ «Ռիա Նովոսթի»ի:

«Գիտէք, որ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են գերատեսչութիւններու մակարդակով, եղած է նաեւ հեռախօսազրոյց: Այդ շփումը հիմնականօրէն կեդրոնացած է Հայաստանի մէջ յառաջացած ճգնաժամային իրավիճակին շուտափոյթ կարգաւորման անհրաժեշտութեան վրայ: Կարգաւորումը, անկասկա՛ծ, պէտք է ըլլայ սահմանադրական շրջանակներու մէջ, այնպէս մը, որ համաձայնութիւն գոյանայ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն միջեւ: Այժմ բոլորս կը սպասենք եւ կը հետեւինք վարչապետի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան խորհրդարանին մէջ Մայիս 1ին», ըսած է Փեսքով:

Պատասխանելով լրագրողի նկատառումին առ այն, որ Հայաստանի լրատուամիջոցները կը յայտնէին Մոսկուայէն Հայաստան ժամանած ռուս պաշտօնտարներու մասին՝ Փեսքով յայտնած է. «Չունիմ որեւէ տեղեկութիւն այդ մասին. ձեզի ոչինչ կրնամ պատասխանել»:

Նշենք, որ Ապրիլ 26ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ: Ընդգծուած է, որ Հայաստանի մէջ ճգնաժամային իրավիճակի կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս իրաւական դաշտի՝ սահմանադրութեան ծիրին  մէջ եւ 2017ի Ապրիլին կայացած խորհրդարանական օրինական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.