Մարտակերտի Վանք գիւղը 2016 թուականին ունեցած է 750 զբօսաշրջիկ, 2017-ին՝ 2500:
Այս մասին «Արցախպրէս»-ին յայտնած է Վանքի համայնքի ղեկավար Անդրէյ Սարգսեանը եւ նշած, որ զբօսաշրջիկներու մեծ մասը կ’այցելէ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Հնդկաստանէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկրներէ: Անոնք կ’այցելեն Գանձասարի վանական համալիր, «Մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոն եւ տեսարժան այլ վայրեր:
Մեծ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի ֆինանսաւորմամբ գիւղի մէջ կառուցուած են «Էկլեկտիկա», որ յայտնի է իբրեւ «Թայթանիկ» եւ «Ծովին Քար» հիւրանոցային համալիրները, «Վան Գոգ» ճաշարանը, մի քանի սրճարաններ, գազանանոց, որոնք նոյնպէս կը նպաստեն գիւղի զբօսաշրջութեան զարգացման:
All the contents on this site are copyrighted ©. |