2018-03-28 08:42:00

Արցախի մէջ կը նախատեսուին յուշարձաններու միջազգային օրուան նուիրուած համալիր ծրագիրներ


Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան‘ Ապրիլ 18ին ընդառաջ, պիտի կազմակերպուի ձեռնարկներու համալիր ծրագիր՝ այցելութիւններ Արցախի տեսարժան վայրեր,  դասախօսութիւններ, զարգացման խաղեր:

Ըստ «Արցախփրես»ի՝ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան յայտնած է, որ արդէն մշակուած է օրուան նուիրուած ծրագիրը, որ պիտի ներառէ թէ՛ մասնագիտական փակ եւ թէ՛ հանրային ձեռնարկներ:

«Ծրագրի ծիրէն ներս դպրոցներու մէջ պիտի կազմակերպուի համապատասխան նիւթով շարադրութիւններու մրցոյթ: Պիտի ունենանք նաեւ շաբաթօրեակներ, այցելութիւններ վտանգուած յուշարձաններու տարածքներ, որոնց նպատակն է այդ յուշարձաններու հանդէպ հետաքրքուածութեան եւ ճանաչելիութեան բարձրացումը: Այս տարուան խորհուրդը կը կոչուի «Ժառանգութիւն սերունդներու համար»: Այն յուշարձանները, որոնք այսօր ունինք, ոչ թէ մեզի հասած նուէր են, որոնք պէտք է օգտագործենք, այլ՝ մշակութային ժառանգութիւն, որոնք պէտք է փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն», նշած է Ա. Գրիգորեան եւ կարեւոր համարած, որ, յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան նուիրուած, պիտի կազմակերպուի նաեւ միջգերատեսչական հնագիտական յանձնաժողովի նիստ, որուն պիտի հրաւիրուին համապատասխան մասնագէտներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ՝ քննարկելու 2017 թուականի ընթացքին Արցախի մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներու արդիւնքները:

Ա. Գրիգորեանի խօսքով՝ Հադրութի շրջանի Տեաք գիւղին մէջ, որուն որոշ հատուածներ ճանչցուած են պատմամշակութային արգելոց, պիտի կազմակերպուի զարգացման խաղ: Պատմամշակութային յուշարձաններու այդ օրուան այցելութիւններու ցանկին մէջ աւանդաբար պիտի ընդգրկուի նաեւ Տիգրանակերտը: Ապրիլ 18ը պիտի հռչակուի «բաց դռներու օր» Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններ այցելել ցանկացողներու համար:

«Պիտի փորձենք ծրագիրը ժողովրդականացնել՝ նպատակ ունենալով ներառել Արցախի բոլոր համայնքներու յուշարձանները: Մօտակայ օրերուն պիտի հրապարակուի ձեռնարկներուն յստակ ժամանակացոյցը»,- աւելցուցած է ան








All the contents on this site are copyrighted ©.