2018-03-22 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 22 մարտի քարոզը «Աստուած մեզ կը սիրէ Հօր ու մօր նման»:


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ին, Տոմուս Սանթա  Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ Աստուծոյ հաւատարմութեան մասին,  ապա անդրադարձաւ Խոստովանանքի խորհուրդին,  նշելով որ խոստովանանքի խորհուրդը «լուացարանի» չի նմանիր ուր լուացուելու կ՛երթանք,  այլ մերձեցում է որով՝  Տիրոջ սիրոյ ողջագուրումը կը ստանանք:

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Աստուծոյ Աբրահամի հետ կնքած դաշինքի մասին, դիտել տուաւ որ այդ դաշինքը կ՝երկարի եւ կը գոյատեւէ պատմութեան հոլովոյթին՝ հակառակ  մարդոց մեղքերուն եւ անոնց կրակապաշտութեան դիմելուն: 

«Տէրը հաւատարիմ է, Ան երբեք  մեզ չի մոռնար եւ այս մէկը մեզ կը մղէ հրճուելու յոյսին մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը  ընդգծելով , որ Աւագ շաբթուան ընթացքին եկեղեցին կը հրաւիրէ խոկալու Աստուծոյ հաւատարմութեան մասին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով Աստուծոյ սիրոյն եւ հաւատարմութեան վրայ  յարեց,  թէ  Աստուծոյ սէրը նման է մօր սիրոյ,  որ երբեք մեզ  չի մոռնար,   դիտել տալով որ Աստուծոյ  այս անմոռանալի սէրը, մեր կեանքի դժուար պահերուն, մեր գործած մեղքի ժամանակ,    վստահութիւն կը ներշնչէ:    Ան ապա անդրադարձաւ Աստուծոյ հաւատարմութեան  նշելով, որ  Աստուած հաւատարիմ է եւ երբեք չ՝ուրանար իր ժողովուրդը, իր Սէրը ժողովուրդին հանդէպ, որովհետեւ Աստուած միշտ մեզի կը սիրէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց  որ երբ խոստովանանքի խորհուրդի մօտենանք,  երբեք չի մտածենք,  որ լուացարան կ՝երթանք՝ լուացուելու համար այլ, Այդ խորհուրդի միջոցաւ մենք կը ստանանք հաւատարիմ Աստուծոյ սիրոյ ողջագուրումը, որ միշտ միշտ մեզի կը սպասէ»։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  նշեց թէ «Աստուած հաւատարիմ է, Ան մեզ կը ճանչնայ եւ երբեք մեզ մինակ չի թողուր եւ մեր  ձեռքերէն  բռնած մեզ կ՝առաջնորդէ: Հետեւաբար «պէտք ենք հրճուիլ, ուրախանալ յոյսին մէջ, որովհետեւ Տէրը մեզ կը սիրէ որպէս հայր մը եւ որպէս մայր մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.