2018-03-21 09:34:00

Հայաստանեայց եւ Յոյն-Ուղղափառ եկեղեցիներու միացեալ Սուրբ Պատարագ՝ Աթէնքի մէջ


Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 18 Յու­նո­ւար 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11ին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ պա­տա­րագ, պաշ­տօ­նա­կան ա­ռա­ջարկ-դի­մու­մով՝ ­Յու­նաս­տա­նի յոյն-ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ «բարձ­րա­գոյն ուս­մանց կա­ճառ»ի դա­սա­խօս Ա­րիս­թար­խոս Կ­րէ­քո­սի, եւ ներ­կա­յու­թեամբ՝ կա­ճա­ռի 35 հո­գե­ւո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան ու­սա­նող­նե­րու։
Սոյն պա­տա­րա­գը իր տե­սա­կին մէջ ան­նա­խըն­թաց ե­րե­ւոյթ մըն էր գա­ղու­թիս կեան­քէն ներս։ Ներ­կայ ու­սա­նող­նե­րուն տրա­մադ­րո­ւած էր այս ա­ռի­թով Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ տպագ­րո­ւած, ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցի յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, որ կա­տա­րո­ւած էր 1888ին, ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րա­րի հրա­հան­գով, պրն ­Տի­միթ­րիս ­Ցո­լա­քի­տի­սի կող­մէ։
Պաշ­տօ­նա­կան ա­ռա­ջար­կի մը ըն­դա­ռաջ մա­տու­ցո­ւած այս ­Պա­տա­րա­գը խոր­քին մէջ մե­ծակ­շիռ տա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցող եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ուղ­ղա­փա­ռու­թիւ­նը հաս­տա­տող դա­սա­խօ­սու­թեան մը նե­րա­ծա­կան բա­ժինն էր միայն, ո­րուն ան­մի­ջա­պէս հե­տե­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տաի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Սր­բա­զան ­Հօր կող­մէ յու­նա­րէն լե­զո­ւով փո­խան­ցո­ւած ող­ջոյ­նի եւ բա­րի գալս­տեան խօս­քը, ուր ի մի­ջի այ­լոց մտեր­միկ ո­ճով եւ ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ Սր­բա­զան ­Հայ­րը բարձ­րա­ձայ­նեց ­Հայց. Ե­կե­ղե­ցիին Ա­ռա­քեալ­նե­րու կող­մէ հաս­տա­տո­ւած ըլ­լա­լու ան­հեր­քե­լի ճշմար­տու­թիւ­նը եւ առ այդ՝ «­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղե­ցի» ա­նո­ւա­նա­կո­չու­մը պար­զա­բա­նեց, ի սրբագ­րու­թիւն օ­տար­նե­րու կող­մէ «­Լու­սա­ւոր­չա­կան Ե­կե­ղե­ցի» կո­չո­ւե­լու շփո­թին։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը յայտ­նեց նաեւ, թէ ­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ցայ­սօր կը հե­տե­ւի Ա­ռա­քեալ­նե­րու կող­մէ հաս­տա­տո­ւած կա­նոն­նե­րուն՝ հա­ւա­տար­մօ­րէն կա­պո­ւած կը մնայ ա­ռա­ջին ե­րեք ­Տիե­զե­րա­կան ­Ժո­ղով­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ նոյ­նու­թեամբ կ­՚օգ­տա­գոր­ծէ ­Նի­կիոյ ­Հա­ւա­տոյ ­Հան­գա­նա­կը։
Ա­ւար­տին, ե­կե­ղե­ցա­կան բարձ­րա­գոյն ուս­մանց կա­ճա­ռի դա­սա­խօ­սը իր եւ ու­սա­նող հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց գե­ղե­ցիկ ա­ռի­թին հա­մար, ու ա­պա՝ յայտ­նեց ան­խառն իր զգա­ցում­նե­րը յոյն եւ հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Ս. ­Պա­տա­րագ­նե­րու նմա­նու­թեանց, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ ա­նոր հա­րուստ մե­ղե­դիին մա­սին։
«Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նի պատ­րաս­տած ճա­շե­րով ներ­կա­նե­րը հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի սրա­հին մէջ։
Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ՝ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ա­պա նաեւ նա­խորդ ա­տե­նա­պետ պրն. Ա­րա ­Ման­կո­յեան, յա­ջոր­դա­բար ի­րենց խօս­քը ուղ­ղե­լով յոյն ու­սա­նո­ղու­թեան՝ անդ­րա­դար­ձան ­Յոյն եւ ­Հայ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան ու­ղիին վրայ դի­մագ­րա­ւո­ւած ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ե­րե­ւոյթ­նե­րու եւ դէպ­քե­րու, ­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին-կրօ­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան։ Այ­լեւ՝ պատ­մա­կան ստոյգ տո­ւեալ­նե­րով անդ­րա­դար­ձան հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ե­րե­ւան ե­կած ռազ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին, քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին բազ­մա­կող­մա­նի բա­րի դրաց­նու­թեան եւ եր­բեմն ալ քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րու եւ փո­խա­դարձ շա­հե­րու հե­տապն­դում­նե­րու հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած հա­կա­դիր պե­տու­թեանց բա­րե­խառն յա­րա­բե­րու­թեանց։
Ա­ւար­տին, ու­սա­նող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած մտեր­միկ զրոյց­նե­րու ընդ­հա­նուր եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը այն էր, թէ ի վեր­ջոյ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, զոյգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս միեւ­նոյն ­Պա­տա­րագն է եւ միեւ­նոյն ­Նի­կիա­կան ­Հա­ւա­տոյ ­Հան­գա­նակն է, որ կ­՚ար­տա­սա­նո­ւի՝ մէկ տար­բե­րու­թեամբ, որ հա­յե­րը դեռ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին նզո­վել հե­րե­տի­կոս­նե­րը, իսկ Յու­նաս­տա­նի Ե­կե­ղե­ցին նզով­քի բա­ժի­նը զանց ա­ռած է այ­լեւս։








All the contents on this site are copyrighted ©.