2018-03-21 09:51:00

Դամասկոս խստօրէն կը դատապարտէ Աֆրինի բռնագրաւումը, մինչ Ուաշինկթըն մտահոգութիւն կը յայտնէ


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մարտ 20ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թրքական ուժերուն Աֆրին մուտքը ապօրինի է եւ կը հակասէ ՄԱԿի պայմանագիրին ու միջազգային օրէնքին՝ կոչ ուղղելով թրքական զինեալ ուժերուն, որ անմիջապէս դուրս գան սուրիական տարածքներէն:

Նախարարութիւնը երկու նամակ յղեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին՝ նշելով. «Երկու ամիսներու յարձակումներէն ետք, 18 Մարտին Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, թէ Աֆրինը թրքական ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուի: Այս անօրէն արարքին իբրեւ հետեւանք հազարաւոր սուրիացի քաղաքացիներ զոհուեցան, վիրաւորուեցան եւ Աֆրինէն տեղահանուեցան: Անոնք թափառական դարձան եւ զրկուեցան բնական կեանքի նուազագոյն պայմաններէն: Թրքական ուժերը Աֆրին ներխուժելով թալանեցին ու քանդեցին բնակչութեան բնակարաններն ու կալուածները եւ ձերբակալեցին իրենց գիւղին տէր կանգնող երիտասարդները։ Այս արարքները մարդկութեան դէմ ոճիր կը համարուին»:

Նախարարութիւնը միաժամանակ ազդարարեց, թէ թրքական բռնարարքները ոչ միայն քաղաքացիներու կեանքին եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան կը սպառնան, այլեւ Սուրիոյ պատերազմը կ՛երկարաձգեն՝ նպաստելով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն։

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս մտահոգութիւն յայտնեց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ինքնագլուխ քայլերուն գծով, դարձեալ շեշտելով, որ նման քայլեր կը նպաստեն «Իսլամական պետութիւն»ը եւ անոր նման կազմակերպութիւններ վերաշխուժացնելու ջանքերուն։

Հակառակ այս քննադատութեանց, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Մարտ 20ին յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն պէտք է յարգանքով մօտենայ ՆԱԹՕի իր դաշնակից երկրին՝ քննադատելով թրքական գրծողութեանց հանդէպ Միացեալ Նահանգներուն արտայայտած վերապահութիւնները։ Էրտողան անգամ մը եւս «ահաբեկիչներու հետ գործակցելու» յանցանքով ամբաստանեց Ուաշինկթընը՝ ակնարկելով Սուրիոյ քրտական ուժերուն եւ ամերիկացիներուն միջեւ շարունակուող համագործակցութեան։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ Աֆրինի գործողութեան ընթացքին թրքական կողմը եւ անոր դաշնակիցները տուած են մօտաւորապէս 350 զոհ, որոնցմէ 46ը՝ թուրք զինուորներ։

Յայտնենք, թէ Անգարա կը սպառնայ այլ տարածքներ եւս բռնագրաւել Սուրիոյ մէջ, եւ քանի մը առիթներով կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ ներկայիս քիւրտերու հակակշիռին տակ գտնուող Մընպեճ քաղաքէն հեռացնէ ամերիկացի զինուորները։ Սակայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը Մարտ 19ին յայտարարեց, թէ Մընպեճէն քաշուելու հարցը չի քննուիր, միաժամանակ կրկնելով, որ բոլոր կողմերուն ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին վրայ։

Նախագահ Էրտողանի ախորժակները կ՛երկարին մինչեւ Իրաք։ Արդարեւ, ան հեգնական ոճով խօսք ուղղեց նաեւ Իրաքի իշխանութիւններուն եւ ըսաւ. «Եթէ դուք չէք կրնար մաքրագործել ձեր հողերը՝ ըսէ՛ք մեզի եւ մենք կը մաքրագործենք»։

Միւս կողմէ, սուրիական զինեալ խմբաւորումները հաղորդեցին, որ թրքական օդուժը ռմբակոծած է Հասաքէի հիւսիս-արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դիրքերը:

Վերջապէս, «Պի.Պի.Սի.»ն կը հաղորդէ, թէ Աֆրինը գրաւած թրքական ուժերը եւ անոնց դաշնակիցները կը շարունակեն իրենց կողոպուտը, հակառակ հրամանատարներու այն պնդումներուն, թէ հարկաւոր քայլերը առնուած են գողութիւնները կասեցնելու համար։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.