2018-03-21 10:31:00

«Սուրբ Պատարագի ծէսը՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 21 Մարտ 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն առթիւ շարունակելով խօսիլ Սուրբ Պատարագի ծէսի մասին  խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց «Սուրբ Հաղորդութեան» վրայ։

«Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ խմէ իմ արիւնս յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը։ Որովհետեւ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս ճշմարիտ ըմպելի»։ Յովհաննէս Աւետարանիչի վեցերորդ գլուխէն քաղուած Յիսուսի սոյն  խօսքերուն վրայ հիմնուելով՝ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Սուրբ Հաղորդութեան ծիսակատարութեամբ մենք կը սնանիք Քրիստոսով որ ինքզինք կը նուիրէ խորանի զոհին մէջ, որպէսզի մենք մէկ ըլլանք Անոր հետ։ Արդարեւ Յիսուս կը հաստատէ  «Ով որ ուտէ մարմինս եւ ճաշակէ արիւնս կը բնակի իմ մէջս եւ ես անոր մէջ»։

Յիսուսի վերջին ընթրիքի պահուն կատարած արարքը կը շարունակուի նաեւ այսօր Քահանային մատակարարած խորհուրդին մէջ - ըսաւ Քահանայապետը բացատրելով թէ «Հացի բեկանումէն ետք Քահանան կը հրաւիրէ հաւատացեալները մասնակցելու Հաղորդութեան։ Հրաւէր մը փորձարկելու՝ ուրախութեան ու սրբութեան ակնաղբիւր՝ Քրիստոսի հետ սերտ միութիւնը։

«Թէեւ կը գիտակցինք թէ շատ հեռու ենք Քրիստոսի սրբութենէն, սակայն կը հաւատանք թէ Անոր արիւնը թափուեցաւ մեր մեղքերու թողութեան համար, ու ասոր համար է որ անոր կ՛աղօթենք ըսելով «Տէր՝ անարժան եմ քեզ ընդունելու սակայն քու մէկ խօսքդ կարող է զիս բուժել»։

Նոյնիսկ եթէ մենք որպէս հաւատացեալներ կը մօտենանք Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելու իրականութեան մէջ Քրիստոսն է որ մեզի կ՛ընդառաջէ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Սուրբ Հաղորդութեան ճաշակումով, մենք ամբողջութեամբ կը միանանք Անոր, ու արմատախիլ կ՛ըլլանք մեր եսասիրութիւններէն։ Մենք արդարեւ կը դառնանք այն ինչ որ ընդունեցանք՝ այսինքն Քրիստոսի Մարմինը, ու մեր արտասանած «Ամէն»ով մենք կ՛ընդունինք այդ յանձնառումը։

Սուրբ Հաղորդութեան ծէսէն ետք ամփոփումը կ՛օգնէ մեզ լաւապէս ըմբռնելու այդ խորհուրդը ապա Քահանան՝ բոլորին անունով, գոհութիւն կը մատուցէ  Աստուծոյ, մեզի այդ առիթը ընծայած ըլլալուն համար, ապա կը հայցէ որ այդ մեր մասնակցութիւնը դառնայ փրկութեան դեղ՝ մեզ բուժէ չարէն ու մեզ վերահաստատէ Աստուծոյ հետ բարեկամութեան մէջ- ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ս Պետրոսի հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները հուսկ յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն,  հիւանդներուն ու նորապսակներուն, դիտել տալով թէ Քառասնորդացը կը հասնի իր աւարտին ու հրաւիրելով զանոնք չյոգնիլ երբեք Աստուծմէ ներում հայցելէ, ապա տառապանքին մէջ միանալ Քրիստոսի Խաչին ու մրցակցիլ ներումի եւ փոխադարձ օգնութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.