2018-03-20 10:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած առաջին արձանը Միջին Արեւելքի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած առաջին արձանի բացումը կատարուած է  Լիբանաի Հատտատ շրջամի Պաապտա Թաղամասնին  մէջ: Այս մասին յայտնած է Ֆիտես Լրատու գործակալութիւնը՝՝

Ճորճ Աուն քաղաքապետին հովանաւորութեամբ իրականացուած ծրագիրը կ՝ուզէ   քաջալերանքի նշան հանդիսասանալ   տեղական քրիստոնեաներուն՝ ընկալելու եւ բեղուն դարձնելու համար  Միջին արեւդլքի մէջ  քրիստոնեաներուն  ներկայութիւնը,  ի նպաստ նաեւ զանազան կրօնային  հասարակութիւններու հետ համերաշխ համակեցութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին արձանի բացումը կատարուած է անցեալ 14 մարտ 2018ին ի  ներկայութեամբ քաղաքական եւ կրօնային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու՝  Մարիօ Պերկոլիոյի՝  քահանայապետ ընտրուելու 5-դ տարեդարձին  նախորդող օրը։  

Արձանի Բացման արարողութեան ընթացքին  խօսք արած են Մարոնիթ համայնքի  Արքեպիսկոսպոս գերապայծառ խալիլ Ռիզք,  ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակի քարտուղար՝ գերապայծառ Իվան Սանթուսյ 

Ֆրանչիսկոս Պապին արձանի մօտ զետեղուած է  գրութիւն մը որ կը  կրէ  Ֆրանչիսկոս Պապին  հրաւէրի խօսքը  ուղղուած  Միջին Արեւելքի քրիսոտնեաներուն՝  ամուր մնալու իրենց  ծննդավայրերուն մէջ  դաւանելու համար  իրենց հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ Իր անունով սատարել՝ միջին Արեւլքի խաղաղ համակեցութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.