2018-03-20 09:12:00

Ասատ այցելեց արեւելեան Ղութա


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Մարտ 19ին այցելեց Դամասկոսի արուարձաններէն՝ Արեւելեան Ղութային մէջ սուրիական բանակի ճակատային դիրքերը, շեշտելով շրջանը ահաբեկիչներէ ամբողջութեամբ մաքրելու կարեւորութիւնը: Մինչ այցը, զինեալները շրջանի Սաքպա գիւղէն դէպի Զամալքա եւ Արպին փախուստ տուին, երբ սուրիական բանակը ներխուժեց գիւղ: Սակայն գիւղի բնակիչները չհեռացան իրենց վայրերէն:

«Ֆայլաք Ռահման» եւ «Ահրար Շամ» զինեալ խմբաւորումներու անդամները նաեւ կոչ ուղղեցին, որ իրենց արտօնուի հեռանալ դէպի հիւսիսային Սուրիա, ուր կը գտնուին Թուրքիոյ դաշնակից զինեալները, իսկ «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալները կ՛ուզեն Իտլիպ ապաստանիլ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Մարտ 18ին, 4127 քաղաքայիններ հեռացած են Արեւելեան Ղութայի մէջ զինեալներու հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններէն՝ վերջին քանի մը օրերուն այնտեղէն հեռացած քաղաքայիններուն թիւը հասցնելով շուրջ 14,000ի։

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահութեան բանբերը հաղորդեց, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը աշխատանք կը տանի «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալները դուրս բերելու Արեւելեան Ղութայէն, իսկ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը ամբողջութեամբ ազատագրած է Համուրիէ գիւղը:








All the contents on this site are copyrighted ©.