2018-03-20 09:50:00

«Եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնը աղօթք ու մերձեցում է» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 19 մարտ 2018-ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց երեք եպիսկոպոսներու օծման արարողութիւնը։ Եպիսկոպոսներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մօտ նորանշանակ առաքելական նուիրակը՝ գերապայծառ Խօսէ Աւելինօ Պեթանքուր։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ի շառս բազմահազար հաւատացեալներու ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու,  յանուն Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքին՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Միրիաթեան ու Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Նարեկ Վարդ Նաամոյեան, ապա Մխիթարեան միաբանութիւնը ներկայացնող՝ Սերոբ Վրդ. Ճամուրլեան ու Հայր Գէորգ Վրդ. Սարգիսեան, հուսկ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու մեծաւոր՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան ու միաբանակից քոյրեր։ Ներկայ էր նաեւ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Միքայէլ Մինասեան ինչպէս նաեւ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի ներկայացուցիչը։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնը աղօթքն է, ապա մերձեցում քահանաներուն ու աղքատներուն - ըսաւ Ան ու աւելցուց  «Դուք  ընտրուեցաք մարդոց մէջէն մարդոց համար, կազմաւորուեցաք՝  Աստուծոյ հայող բաներուն մէջ։ Ոչ թէ աշխարհիկութեան, քաղաքականութեան կամ գործառութեան  համար։  «Եպիսկոպոսութիւն» անունն է ծառայութեան՝ ոչ թէ պատիւի - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ -  Որովհետեւ Եպիսկոպոսին կ՛իյնայ ծառայել աւելի քան իշխել, ինչպէս հրահանգած է Վարդապետը «Ով որ ձեր մէջ մեծ է թող ամենափոքրը դառնայ եւ այն որ կը կառավարէ թող ծառայի նման  ըլլայ։ Խուսափեցէք իշխաններ դառնալու փորձութենէն»։

Քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ապա յանձնարարեց «Հետեւիլ Բարի Հովիւի օրինակին» որ լաւապէս կը ճանչնայ ոչխարները ու անոնցմէ ճանչցուած է ու չի զլանար իր կեանքը տալու  անոնց համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յորդորեց ուշադիր ըլլալ նաեւ անոնց որոնք մաս չեն կազմեր Քրիստոսի հօտին, որովհետեւ. ըսաւ Ան, անոնք եւս յանձնուած են Տիրոջ։

Քարոզէն ետք երեք եպիսկոպոսներուն գլուխներուն վրայ զետեղուեցաւ միւռոնը եւ անոնց յանձնուեցաւ Աւետարանը, ու եպիսկոպոսական մատանին, թագն ու գաւազանը։

Նորօծ երեք եպիսկոպոսներն են գերապայծառ՝  Վալտմար Սթանիզլաւ Սոմմերթակ՝ Նիքարակուայի մօտ առաքելական նուիրակ, Գերապայծառ Ալֆրետ Զուերեպ Քոնկոյի մօտ առաքելական նուիրակ եւ գերապայծառ Խօսէ Աւելինօ Պեթթանքուր՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի մօտ առաքելական նուիրակ։

Արարողութեան աւարտին երեք եպիսկոպոսները շնորհաւորութիւնները ընդունեցան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.