2018-03-19 08:56:00

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւն. Փութին մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց


Ռուսիոյ գործող նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը` ապահովելով յաւելեալ վեց տարուան պաշտօնավարութեան շրջան մը:

Վիճակագրական առաջին արդիւնքներուն համաձայն, ան ստացած է քուէներուն 73,9 առ հարիւրը: Մասնակցութեան համեմատութիւնը 64 առ հարիւր էր, ինչ որ 2012-ի նախագահական ընտրութենէն նուազ է:

Ռուսիոյ քաղաքացիները երէկ երկրին տարածքին 97 հազար եւ արտասահմանի մէջ 400 ընտրական կեդրոններ ուղղուեցան` ընտրելու համար իրենց երկրին նախագահը:

Քուէարկելու իրաւունք ունին 100 միլիոն քաղաքացիներ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ իր քուէարկութենէն ետք յայտնեց, որ յաջողութիւն պիտի նկատէ ընտրական որեւէ արդիւնք, որ իրեն «իրաւունք կու տայ նախագահի պարտականութիւնները կատարել»:

Փութինի 7 մրցակիցներու շարքին էին միլիոնատէր համայնավար Փաւել Կրուտինինը, պատկերասփիւռի նախկին հաղորդավար Քսենիա Սոպչաքը եւ վեթերան ազգայնական Վլատիմիր Ժիրինովսքին:

65-ամեայ Փութին 1999-էն ի վեր իբրեւ նախագահ կամ վարչապետ Ռուսիոյ իշխող ղեկավարն է:

Նշենք նաեւ, թէ Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններուն առիթով երէկ Հայաստանի մէջ (Երեւան եւ Գիւմրի) Ռուսիոյ դեսպանատան շէնքին մէջ ընտրական տեղամասեր տեղադրուած են, ուր բարձր եղած է ռուսահպատակ քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը: Քուէարկողներու հերթեր յառաջացած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.