2018-03-19 08:38:00

Հարցազրոյց Հայաստանի մօտ նորանշանակ Պապական Նուիրակ գերապայծառ Պեթանքուրի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 19 Մարտ 2018-ին, կէսօրէն ետք ժամը 5-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եպիսկոպոսական օծում պիտի շնորհէ երեք նոր եպիսկոպոսներու որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի ու Վրաստանի  մօտ նորանշանակ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Խօսէ Աւելինօ Պեթթանքուրը, որ մինչեւ օրս վառած է Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան «արարողակարգի» Պետի պաշտօնը։

Իր այս նոր պաշտօնին ստանձնման առթիւ ՀՀ մօտ առաքելական նուիրակը Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ.

«Հայաստանն ու Վրաստանը հետաքրքրութիւն շարժող  երկիներն են ինծի համար եւ համոզումով է որ ընդունեցայ այս նոր առաքելութիւնը որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց ինծի յանձնել։ Հարուստ պատմութիւններով, հին աւանդութիւններով ու կրօնական հին արմատներով երկիրներ են, որոնք հրապուրիչ են ինծի համար եւ ես ուրախութեամբ ու սրտանց կ՛ողջագուրեմ այս առաքելութիւնը»։

Խօսելով ապա եկեղեցական յարաբերութիւններու մասին՝ գերապայծառ Պեթանքուր  յայտնեց թէ ինք համոզուած է որ այդ յարաբերութիւնները, որոնք արդեն հիմնաւորուած են համագործակցութեան վրայ, կարող են աւելիով զարգանալ  ու թէ ինք Հայաստան եւ Վրաստան կը մեկնի բոլորին հետ հանդիպելու իղձով ու բոլորին հետ երկախօսութիւն հաստատելու միտումով, ապա իր ծառայութիւնը մատուցելու ի նպաստ եկեղեցւոյ։

Այն հարցումին թէ ի՞նչ կը մտածէ «սփիւռքի» իրականութիւն ապրող ժողովուրդի մը մասին, տրուած ըլլալով որ ինք եւս՝ ծնած է Փորթուկալ ու ընտանիքին հետ փոքր հասակին գաղթած է Քանատա ու ապրած է պանդուխտի փորձառութիւնը, գերապայծառ Պեթանքուր ըսաւ .

«Կարծեմ թէ շատ դժուար է հասկնալ այն անձերը որոնք ստիպուած  եղան թողուլ իրենց  ծննդավայրը, տարբեր պատճառներու բերումով, բայց կրնամ իմ անձնական փորձառութեամբ վստահեցնել թէ բոլոր այցելած կամ ապրած երկիներուս մէջ, այնտեղ ուր հանդիպեցայ հայ հասարակութիւններուն եւ առիթը ունեցայ ծանօթանալու անոնց, ինչպէս Կիւլպենկեան հաստատութիւնը Փորթուկալի՝ ծննդավայրիս մէջ, հիացմունքով  նշմարեցի անոնց մեծահոգութիւնը, արտակարգ անձեր՝ որոնք պատմութիւնը կերտեցին եւ ես որպէս պանդխտութեան զաւակ կը հասկնամ մարտահրաւէրները որոնց առջեւ գտնուեցան այդ անձերը ու կարողացան զանոնք դիմագրաւել մեծ քաջութեամբ՝ ստեղծելով կեանքի նոր հնարաւորութիւններ։

Արտայայտուելով հուսկ տարածաշրջանի մէջ տիրող տագնապներու ու հակամարտութիւններուն՝ գերապայծառ Պեթանքուր դիտել տուաւ թէ այդ տագնապները ունին արդեն իրենց պատմութիւնը ու թէ ինք համոզուած է թէ անոնց լուծումը կը կայանայ բաց պահելով երկխօսութեան կամուրջները, ապա կամք յայտնելով դէպի յառաջ քայլեր կատարելու։ Թէեւ համոզուած եմ, յարեց Ան, թէ խօսքերը շատ աւելի դիւրին են քան իրականացնելիք գործերը, սակայն պէտք չէ երբեք վհատինք ու յոյսը կորսնցնենք, այլ պէտք է միշտ աշխատինք իրականացնելու այնպիսի ծրագիրներ որոնք պատմութեան մէջ կը մնան  ու կը մնան ի նպաստ հասարակաց բարիքին ու այս մէկը կը պահանջէ շրջահայեաց տեսակէտ ու վեհանձն հոգի։

Հարցազրոյցի աւարտին գերապայծառ Պեթանքուր դարձեալ հաստատեց թէ ինք մեծ ուրախութեամբ ընդունած է այս պաշտօնը ու թէ Հայաստան պիտի մեկնի այն գիտակցութեամբ թէ պիտի հանդիպի մեծ ազգի մը զաւակներուն, հինաւուրց աւանդութիւններով ու շքեղ պատմութեամբ։ «Ես այնտեղ պիտի երթամ ծառայութեան հոգիով ու «սիրտս ձեռքիս մէջ» ըսաւ Ան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.