2018-03-19 09:12:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ Զ.Շաբաթ Քառասնորդաց (18-25 Մարտ 2018)


Քառասնորդաց վեցերորդ շաբաթը կը կոչուի Գալստեան շաբաթ եւ նուիրուած է Յիսուսի-Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, երբ աշխարհի վերջը պիտի գայ, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ Այս շաբթուայ ընթացքին կը կարդացուին զանազան բժշկութիւններու աւետարաններ. Իսկ քառասնորդաց 40-րդ օրը, որ կը հանդիպի ուրբաթ օր, կը կարդացուի Յիսուսի խաչելութեան պահուն իր կատարած յանձնումը իր մօրը` Յովհաննէս առաքեալին, եւ Յովհաննէսը կարգելով իր տեղ` որպէս որդի Մարիամի։ Խաչելութեան յիշատակէն մէկ շաբաթ առաջ արդէն` Հայ Եկեղեցին կը յիշեցնէ թէ Յիսուսի մայրը փրկչակից եղաւ իրեն, խաչին տակ։

Կիրակի օրուան աւետարանը մեզ կը հաղորդէ սիրոյ պատգամը Քրիստոսի, թէ ինչպէս, աստուածսիրութիւնը ամենամեծ պատուիրանն ըլլալով հանդերձ` եղբայրսիրութիւնը կարելի չէ բաժնել անկէ։ Երկուքը միասին կը կազմեն հիմը բոլոր օրէնսդրութեան։ Իսկ ով որ խոնարհեցնէ ինքզինք, ան պիտի բարձրանայ։

Մեզի կը սորվեցնէ նաեւ զգուշանալ անոնցմէ որոնք, նման փարիսեցիներուն` իրենց կրօնասիրութիւնը կ՛իրագործեն պարզապէս երեւնալու համար ժողովուրդէն։ Մարդ եթէ պիտի պաշտէ զԱստուած, բոլոր սրտանց պէտք է կատարէ զայն։

Շաբաթ օր` 24  մարտին, Հայ Եկեղեցին կը կատարէ յիշատակը Ղազարոսի յարութեան։ Ղազարոս Յիսուսի բարեկամն էր, որ մահացած էր եւ գերեզման դրուած չորս օրէ ի վեր։ Յիսուս եկաւ եւ զինք դուրս կանչեց գերեզմանէն։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ այս զգայացունց  հրաշքը, շատերը սկսան հաւատալ իրեն, ինչ որ նախանձը գրգռեց Փարիսեցիներուն ու Քահանաներուն. Այդ օրէն սկսեալ անոնք որոշեցին Յիսուսը սպաննել տալ,  Հռոմէական իշխանութենէ խնդրելով  որ զինք դատապարտէ մահուան։ Այս օր` Երեկոյեան ժամերգութեան ատեն, խորանի վարագոյրը հանդիսաւորապէս կը բացուի երբ դպիրները կ՛երգեն օրուան շարականը։

Կիրակի  օր՝ 25 մարտին, կը տօնենք Ծաղկազարդը . յիշատակ  Քրիստոսի Փառաւոր մուտքին Երուսաղէմ։ Այդ օր՝ տօնակատարութեան ընթացաքին կ՛օրհնուին ձիթենիի ճիւղերը եւ կը բաժնուին ժողովուրդին, որպէսզի ամէնքը մասնակցին Քրիստոսի յաղթական մուտքին Երուսաղէմ։ Իսկ հայ ծէսը ունի շատ գեղեցիկ արարողութիւն մը այս օրուան համար, Դռնբացէքի արարողութիւնը. Աւագերէցը ժողովուրդին հետ կ՛երթայ Եկեղեցւոյ դռնէն դուրս եւ երեք անգամ կը բախէ դուռը խնդրելով աղերսագին որ Տէրը բանայ իրեն եւ իր ժողովուրդին համար` ողորմութեան դռները։ Նման 5 իմաստուն կոյսերուն` բոլոր ժողովուրդը վառած մոմեր կը բռնէ եւ կը սպասէ եկեղեցւոյ դռներու բացուելուն, որպէսզի ներս մտնէ երգով ու աղօթքով։ Նախապէս կը կատարուի նաեւ անդաստանի գեղեցիկ արարողութիւնը, դարձեալ զուտ հայկական, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը։

Ծաղկազարդի օրը նաև ՝՝Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օր՝՝ է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.