2018-03-17 08:33:00

Հայր Փիօ՝ (Padre Pio) Աղօթասէր փոքրիկ սուրբ եղբայր մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 Մարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուխտագնացութիւն կը կատարէ Փատրէ Փիոյի սրբավայր։

Աշխարհահռչակ՝ «Աղօթասէր փոքրիկ եղբայր» Փատրէ Փիօ ծնած է հողամշակ աղքատ ընտանիքի մը  յարկին տակ: Ան մանուկ հասակէն  քահանայ դառնալու փափաք յայտնելով ՝ 16 տարեկանին կը մտնէ  «Մորքոնէ» շրջանի Քափուչիններու փոքրիկ եղբայրներու  վանք, ապա 1910-ին կը ձեռնադրուի քահանայ:

Քահանայ ձեռնադրուելէն 6 տարիներ ետք, կը մտնէ Իտալիոյ Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ  շրջանի Սանթա Մարիա Տէլլէ Կրացիէ վանք, ուր օրուան ընթացքին իր ժամանակին  մեծ մասը կ՝անցնէ խոստովանարանին մէջ՝ Խոստովանցնելով հազարաւոր հաւատացեալներ։

Արժանի է նշել,  որ  1948-ին, Հայր Փիօ,  խոստովանանքի խորհուրդը մակատարած է Լեհ քահանայի մը՝ Հայր Քարոլ Վոյթիլա անունով, որ    30 տարիներ ետք  բարձրացաւ  Սուրբ Պետրոսի գահին վրայ՝ ստանալով Յովհաննէս Պօղոս Բ անունը եւ որ այսօր դասուած է Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին։:

Հայր Փիոյի առաքելական կեանքի  գերագոյն   յանձնառումը եղած է Սուրբ Պատարագը: Ան համոզուած ըլլալով, որ աղօթքը  լաւագոյն զրահն  ու լաւագոյն բանալին է Աստուծոյ սիրտը բանալու համար ՝ճանչցուած է որպէս  փոքրիկ եղբայր, որ միշտ կ՝աղօթէ:

Հայր Փիոն իր մահկանացուն կնքեց 1968-ին՝ 23 սեպտեմբերին լուսցնող գիշերը՝ 81 տարեկանին: 

Նոյնինքն ՅՊԲ  սուրբ Քահանայապետը, 1999-ին հայր Փիոն դասեց  երանիներու շարքին, ապա 16 յունիս 2002ին՝ զայն սուրբ հռչակեց  նկատելով զայն «հեզ եւ հլու կղերական մը որուն ընդմէջէն կ՝արտացոլայ տառապող եւ Յարուցեալ քրիստոսի պատկերը»:     

Սրբադասման արարողութեան ընթացքին ՅՊԲ հաստատած է որ Փատրէ Փիոյի  կեանքն  ու առաքելութիւնը կը փաստեն, որ դժուարութիւններն ու ցաւերը ՝ եթէ սիրով ընդունուին անոնք կը դառնան Սրբութեան  առանձնաշնորհեալ ուղի, որ կը բանայ աւելի մեծ բարի հորիզոններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.