2018-03-16 09:32:00

«Հռոմ 2» խորհրդաժողովը կը հաստատէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան կարեւորութիւնը


Լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն օժանդակելու նպատակով, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Հռոմի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ միջազգային գործակցութեան կեդրոնին մէջ` մասնակցութեամբ 41 երկիրներու:

Յայտնենք, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անճելինօ Ալֆանոյի հրաւէրով արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւս երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ  Լիբանանի աջակցութեան նուիրուած նախարարական հանդիպումին:

Խորհրդաժողովէն առաջ Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնի եւ  վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որմէ շուրջ քառորդ ժամ ետք խորհրդաժողովը սկսաւ` գլխաւորութեամբ Իտալիոյ եւ Լիբանանի վարչապետներուն:

Խորհրդաժողովին սկիզբը վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արտակարգ պահեր կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ այս խորհրդաժողովին անոնց ներկայութիւնը կը փաստէ, թէ շրջանին կայունութիւնը պահպանելու առումով Լիբանան եւ անոր դերակատարութիւնը որքա՛ն կարեւոր է: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ ինք յայտարարած են, թէ լիբանանեան Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը պիտի քննարկուի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք: Ան նախագահ Աունի եւ իր անունով շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան զինեալ ուժերուն զօրակցելու միջազգային կամքին` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր կարգին յանձնառու է զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն` պետական ամավարկին ընդմէջէն:

Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բոլոր ուժերը կառչած կը մնան Լիբանանը շրջանային հարցերէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան` պահպանելու համար արաբական երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ իրենց յարաբերութիւնները:

Հարիրի խնդրեց, որ Լիբանանին յաւելեալ առիթ տրուի` կառչած մնալու ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ արաբ եղբայրներուս, որոնք կը զօրակցին լիբանանեան ապահովական ուժերուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը նախանձախնդիր է աշխատանքը ամբողջացնելու, որպէսզի մուտք գործէ բարեկարգումներու օրակարգ:

Հարիրի նշեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ հիմնական սպառնալիքն է, որ մնայուն կերպով ոտնձգութիւններ կը գործէ երկրին գերիշխանութեան դէմ, «սակայն այդ ոտնձգութիւնները պէտք է կանգ առնեն, իսկ մենք յանձնառու կը մնանք Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ լիբանանեան բանակի յաւելեալ զօրամասեր պիտի ուղարկենք հարաւային Լիբանան: Անհրաժեշտ կը գտնենք նաեւ հարաւի մէջ տեղակայել արդի զէնքերով զինուած լիբանանեան բանակի այլ ջոկատ մը», աւելցուց Հարիրի:

Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան քաղաքականութիւնն է երկրի ապահովական կառոյցներու ռազմավարութիւններուն ամրապնդումը, «իսկ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնները մեծաւ մասամբ ընդարձակուած են` Լիբանան հասնող սուրիացի տեղահանուածներու մեծ թիւերուն պատճառով», եզրափակեց Հարիրի:








All the contents on this site are copyrighted ©.