2018-03-15 09:19:00

«Աֆրինի խաղաղ բնակչութեան լայնածաւալ կոտորած կը սպասուի» կ՛ըսէ Գերմանացի երեսփոխան մը


Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութենէն Պունտըսթակի անդամ Ուլլա Ելփքեն գերմանական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է յստակ քայլերու ձեռնարկելու Աֆրինի շրջանին դէմ թրքական զինեալ ուժերու կողմէ շարունակուող «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութեան դադրեցման համար եւ յայտարարած, որ եթէ Եւրոպան շարունակէ լուռ հետեւիլ այդ ամէնուն, Աֆրինի խաղաղ բնակչութեան լայնածաւալ կոտորած կը սպասուի:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը գրէ, որ Ելփքեն նշած է, թէ թրքական բանակին եւ անոր աջակցող զինեալներու գործողութիւններուն պատճառով Աֆրինէն արդէն արտագաղթած է շուրջ 8000 խաղաղ բնակիչ:

«Գերմանիոյ կառավարութիւնը պէտք է վայրկեան առաջ դադրեցնէ իր լռութիւնը, իսկ ՕԹԱՆ պէտք է զգուշացնէ իր գործընկեր Թուրքիան, որ անոր գործողութիւնները դէմ են իրաւական արժեչափերուն», ըսած է գերմանացի քաղաքական գործիչը:

Ան նաեւ մեղադրած է Թուրքիան իր գործողութիւններով ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ուժեղացման նպաստելու եւ տարածքի եզիտի եւ ալեւի ժողովուրդներուն գոյութեան սպառնալու յանցանքով:

«Թրքական բանակը Քայիտայի եւ միւս ժիհատական խմբաւորումներուն հետ բացայայտօրէն տեղւոյն եզիտի եւ ալեւի ժողովուրդներու արտագաղթին պատճառ կը դառնայ: Թուրքիոյ աջակցութեամբ ՏԱՀԵՇ դարձեալ գործողութիւններու ձեռնարկելու նոր ծրագիր կը մշակէ: Մինչեւ ե՞րբ Գերմանիան եւ ամբողջ Եւրոպան լուռ պիտի հետեւին այս բոլորին», ըսած է Պունտըսթակի երեսփոխանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.