2018-03-15 08:25:00

Աշխարհահռչակ բնագէտ, տիեզերաբան Սթիվըն Հոքինկ մահացաւ


Բրիտանական Քեմպրիճ շրջանին մէջ 76 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ մեր ժամանակներու լաւագոյն գիտնականներէն, բնագէտ, տիեզերաբան, «Ժամանակի հակիրճ պատմութիւնը» աշխատութեան հեղինակ Սթիվըն Հոքինկ:

«Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, որ Հոքինկ, որուն գաղափարներու շնորհիւ ձեւաւորուած է ժամանակակից տիեզերաբանութիւնն ու ընկալելի դարձած բազմամիլիոննոց ոչ մասնագիտական լսարանի համար, մահացած է իր տան մէջ` հարազատներով շրջապատուած:

Հոքինկ կը տառապէր հազուագիւտ հիւանդութենէ (մկաններու ապաճման երկրորդական կարծրախտ), որ անոր մօտ ախտորոշուած էր 21 տարեկանին: Այս հիւանդութեան պատճառով ան տասնամեակներէ ի վեր անդամալուծուած է








All the contents on this site are copyrighted ©.