2018-03-14 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը Թայուանի «Թաօիսթ» պատուիրակութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 14 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարած հրապարակային ունկնդրութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ ընդունեց Թայուանէն ժամանած «Թաօիսթ» կրօնի պատկան պատուիրակութեան անդամները եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան ու իրեն ուղղած խօսքերուն համար, ապա գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես Միջ-կրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդին հետ միասին կատարուած միասնական աշխատանքին, հաստատելով թէ «այդ մէկը երկխօսութիւն մըն է ոչ միայն գաղափարական գետնի վրայ այլ մարդկային գետնի վրայ,երկխօսութիւն՝ անձ անձի հետ որ կ՛օգնէ աճելու որպէս անհատներ, այդ մեր բացարձակի եւ Աստուծոյ փնտռտուքի ուղեւորութեան մէջ»։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը որ ապա կը նշէ թէ ողջոյնի խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  շնորհակալ եղաւ պատուիրակութեան ցուցաբերած բարի կամքին համար, եւ իրեն ուղղուած Թայուանը այցելելու հրաւէրին համար, գնահատանք արտայայտելով այդ ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.