2018-03-14 09:08:00

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպումներ ունեցաւ ազգային ու գործարար շրջանակներու հետ


Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երեքշաբթի,13 մարտին  երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող հոգեւոր, ազգային եւ կուսակցական պատասխանատուներու եւ լիբանանահայ գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Կարապետեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջպետական յարաբերութիւնները ամրապնդելու շրջագիծին մէջ նաեւ զարկ կը տրուի տնտեսական ծրագիրներու գործադրութեան:

Կ. Կարապետեան հաստատեց, որ ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ Հայաստանի պարագային ներուժը շատ աւելին է, եւ կարելի է յաւելեալ ծրագիրներ մշակել:

Ապա վարչապետ Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութիւնը` ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ սկսած է տնտեսական աճ արձանագրուիլ, եւ աւելցուց, որ տնտեսական բարգաւաճումն ու զարգացումը հետզհետէ աւելի տեսանելի պիտի դառնան բոլորին:

Վարչապետ Կարապետեան Հանդիպում մը Ունեցաւ Գործարարներու Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Լիբանան այցելութեան երկրորդ օրը սկսաւ հայ գործարարներու հետ նախաճաշով: Հայաստանի զարգացման հեռանկարներու եւ առկայ խնդիրներու շուրջ զրոյցներ եւ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի ներկայի իրողութիւնը եւ տնտեսութեան զարգացման միտումները: Վարչապետը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկը ուժեղ սփիւռքի առկայութիւնն է` հայրենակիցներ, որոնք անկախ իրենց գտնուելու վայրէն անհանգիստ են իրենց հայրենիքի ապագային  համար

Հանդիպում` Լիբանանեան Դրամատուներու Տնօրէններուն Հետ

Ճաշի մը ընթացքին վարչապետը եւ անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցան Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին եւ լիբանանեան դրամատուներու գործադիր տնօրէններուն հետ: Վարչապետը ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան պատկերը եւ ներդրումային միջավայրը, նախորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած ցուցանիշները, Հայաստանի միջոցով այլ շուկաներ մուտք գործելու կարելիութիւնները:

Հայաստանի Պետական Պատուիրակութեան Այցելութիւնները Հայկական Համայնքային-Կրթական Կեդրոններ

Օրուան ընթացքին վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ու անոր  ընկերակցող պետական պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայկազեան համալսարան, ուր ծանօթացան համալսարանի զանազան բաժիններուն, ծրագիրներուն: Անոնք հանդիպում մը ունեցան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին հետ եւ քննարկեցին Հայաստանն ու սփիւռքը յուզող հարցեր: Այցելութեան առիթով վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէր մը յանձնեց վարչապետ Կարէն Կարապետեանին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.