2018-03-13 13:55:00

Պենետիկտոս վաստակաւոր Պապին նամակը Ֆրանչիսկոս Պապի վարդապետութեան մասին


«Երկու քահանայապետերու միջեւ կայ ներքին շարունակութիւն»

(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին Վատիկանեան հրատարակչատունը լոյս ընծայեց «Ֆրանչիսկոս Պապի Աստուածաբանութիւնը»  տիտղոսը կրող  11 փոքրիկ հատորներ,  որոնց  ներկայացումը կատարեց Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու քարտուղարութեան կառավարիչ՝ Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոն, Հռոմի  Փալացցօ Փիօ կառոյցի Մարքոնի անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին :

Վատիկանեան հրատարակչատան ձեռնարկին՝ վերոնշեալ  հատորներու լոյս ընծայման  առիթով Պենետիկտոս  ԺԶ. Պապ շնորհաւորական նամակ մը յղած է մաղթանք յայտնելով, որ սոյն հատորներու հրապարակումը  լայն արձագանգումով հակադարձէ այն սխալ նախապաշարումներուն,  որոնք կը հաստատեն, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ միայն գործնական մարդ մըն է եւ զուրկ  աստուածաբանական եւ իմաստասիրական կազմաւորումէ մինչ ինք Պենետիկտոս Պապ եղած է միայն աստուածաբանութեան տեսաբան, որ քիչ ծանօթութիւն ունի ժամանակակից  քրիստոնեայ մարդու շօշափելի կեանքին: 

Վաստակաւոր Պապը  շնորհակալութիւն յայտնած է սոյն հատորները  նուէր  ստանալուն համար, գրուած՝ միջազգային համբաւ ունեցող աստուածաբաններուն կողմէ  եւ պատրաստուած «Իտալական Աստուածաբանութիւն»  ընկերակցութեան նախագահ  Հայր Ռոպերթօ Ռեփոլի կողմէ:

 «Փոքրիկ հատորները»  գրած է Պենետիկտոս Պապը  «ցոյց կու տան  որ Ֆրանչիսկոս Պապ աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան հմուտ մարդ մըն է, եւ թէ անոնք կʼօժանդակեն  ներքին շարունակութիւնը տեսնելու  երկու քահանայապետերու միջեւ՝ հակառակ  ոճի եւ շեշտադրութեան  տարբերութիւններուն:»

Նշենք որ վերոնշեալ հատորներու ներկայացման ընթացքին Վատիկանի  հրատարակչատան նոր պատասխանատու՝ եղբայր Ժուլիօ Չեզարէօ յայտարարեց   թէ Վատիկանի հրատարակչատունը   աշխարհի զանազան տպագրատուներուն հետ  համաձայնութիւններ կնքելու ընթացքին մէջ է եւ ներկայիս սոյն հատորները անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն,   փորթուկալերէն եւ լեհերէն լեզուներով պիտի հրապարակուին:  








All the contents on this site are copyrighted ©.