2018-03-12 13:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մարսիլիոյ մարզի խորհրդարանի աւելի քան 300 պատգամաւորներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին՝ կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսայի Մարսիլիա մարզի խորհրդարանական պատգամաւորներ ու քաղաքական գործիչներ՝ որոնք Մարսիլիոյ թեմին կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հրաւէրով ժամանած են Հռոմի՝ կաթողիկէութեան սիրտը, մօտէն ճանչնալու համար եկեղեցւոյ գործունէութիւնը:

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց թէ Եպիսկոպոսներուն անոնց յղած հրաւէրը նշան է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քաղաքական յանձնառումին որ մղուած է՝ պատշաճ պայմաններ ստեղծելու կամքէն՝ միասին ապրելու համար, յարգելով տարբերութիւնները եւ ուշադիր ըլլալով   «դիւրաբեկ» անհատներուն։

«Քաղաքականութեան մը  մեծութիւնը  ի յայտ կու գայ երբ, դժուար պահերու ընթացքին,  աշխատանքը կը տարուի՝  հիմք ունենալով կարեւոր սկզբունքներուն եւ մտածելով հասարակաց երակարատեւ բարիքին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով  Ֆրանսայի պատմութեան,  որ բնորոշուած է բազմազանութեան հարստութեամբ, մարդկային գետնի վրայ  այդ մէկը նկատելով «ընկերային,  տնտեսական- մշակութային ինչպէս նաեւ կրօնային մեծ  կարողականութիւն».   

Նորին Սրբութիւնը յոյժ կարեւոր համարեց բոլորին   համապարփակ զարգացումը եւ այս գործընփացէն ներս  որպէս ամրոց ու հորիզոն նկատեց    ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն արժէքները:

Ան ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն յորդորեց  որ ընկերութեան հարցերուն դիմաց  բանակցին բոլոր կրօններու հաւատացեալներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց հետ նպաստելու համար հանդիպումի մշակոյթի զարգացումին ապա  մաղթանք յայտնեց  որ քաղաքական իշխանութիւնները՝ մղուած հասարակաց բարիքին ծառայելու   ափաքէն  կարենան  առաջնորդել ու   կամուրջ հանդիսանայ այն անձերուն միժեւ որոնք կը գտնուին ընկերային,  տնտեսական, մշակութային եւ կրօնային տարբեր պայմաններու մէջ ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն հաստատել  տարբեր սերունդներու   միջեւ։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները կապ հաստատելու նաեւ ՝քաղաքի եւ արուարձաններ որու միջեւ, ուսումի եւ արհեստի բնագաւառներու միջեւ  ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնելու անապահով վիճակի մէջ գտնուող անձերուն եւ երբեք չի վհատելու  ընկերային անհաւասարակշռուեն  դիմաց որ ընկերութեան չարիքի արմատն է, ըսաւ Ան հրաւիրելով խթանել «բնապահպանողական համապարփակ դարձ մը» որ ըլլայ ի սպաս հասարակաց տան  ու անոր պահպանումին։

 

Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց գաղթականներն ու փախստականները մաղթելով որ  շարունակուի բոլորին բարիքին ի նպաստ ձեռնարկուած միջոցառումները՝ հիւրընկալելու եւ պաշտպանելու ու խթանելու  գաղթականներուն մարդկային համապարփակ զարգացումն զանոնք ներառելով ընկերութեան մէջ։ Միայն այսպէս կարելի է սատարել աւելի արդար աւելի մարդկային եւ աւելի եղբայրակից ընկերութեան մը կառուցումին ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ճառը եզրափակեց ներկաներուն ուղեւորութիւնը յանձնելով Քրիստոսին՝ ակնաղբիւրը մեր  յոյսին ու մեր հասարակաց բարիքին ծառայութեան յանձնառումին, ապա  բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւններ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.