2018-03-11 10:33:00

Կիրակի 11 Մարտ 2018 Ե. Կիրակի Քառասնորդաց - Անիրաւ Դատաւորի Առակը (Ղուկաս ԺԸ. 1-14)


Ո՞վ է անիրաւ դատաւորը, որուն մասին կը խօսի Յիսուս այսօրուան առակին մէջ. Ան չի կրնար ըլլալ մեր Տէրն ու Աստուածը` Յիսուս Քրիստոս, որովհետեւ Աստուած անիրաւ ու կաշառակեր չի կրնար ըլլալ հանդէպ իր հաւատացեալներուն. Ան սիրող է ու անհունօրէն ողորմած։

Իսկ անիրաւը մենք ենք ու մեր խղճերը, որովհետեւ նիւթականով ուռած ենք եւ մտիկ չենք ըներ աղքատին ու չքաւորին։ Մեղքով կարծրացած ենք, որով կ՛արհամարհենք արդարն ու անմեղը։ Ասոր համար` հարկ է որ դիմենք երկնաւոր դատաւորին, խնդրելով որ ան դատէ զմեզ եւ ազատէ այս ծանրացած խղճէն, որ արգելք կը հանդիսանայ մեր յառաջդիմութեան։

Անիրաւ դատաւորներ ենք երբ նկատի չենք առներ մեր ծանր ծանր յանցանքները եւ մեր ընկերոջ թեթեւ մէկ յանցանքին վրայ ծանրանալով` զինք կը դատապարտենք ու իր մասին ամէն տեսակի բամբասանք ու զրպարտութիւն կը հնարենք, դարձնելով զինք պախարակելի բոլոր հասարակութեան առջեւ։

Անիրաւ դատաւորներ ենք երբ ամէն ինչ կը կատարենք մեր անձնական շահերէն մղուած եւ երբեք ուշադրութիւն չենք դարձներ ուրիշի բարիքին վրայ, հակառակ որ մեր Տէրն ու Փրկիչը հրամայած է մեզի սիրել մեր ընկերը եւ անոր բարիքը կամենալ միշտ։

Անիրաւ դատաւորներ ենք, երբ փոխանակ գնահատելու մեր ընկերոջ կատարած բարի եւ օգտաւէտ գործը, շարունակ կը քննադատենք զինք, մղուած սուր նախանձէ մը որ կը կրծէ մեր սրտերը եւ չթողուր որ ուրախանանք ուրիշին համբաւով եւ անոր յառաջդիմութեամբ։

Եկէք այսօր ձերբազատուինք, սիրելիներ այս մեր անիրաւ զգացումներէն, ըլլանք համակ սէր եւ բարեկամութիւն մեր ընկերներուն հանդէպ, որպէսզի Տէրն ալ` տեսնելով մեր բարի կամքը, մեզ դատէ եւ վարձատրէ մեր բուն արժէքին ու արժանիքին համեմատ:

Նախ հարցնենք մենք մեզի թէ ո՛վ մեզ կարգեց դատաւոր ուրիշներու վրայ, կամ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ մեր դատողութիւնը կու տանք մեր շուրջիններուն հանդէպ: վարուինք ամէնուն հետ իբրեւ թէ անոնք ըլլային մեր ընտանիքի հարազատ անդամները, զորս պիտի պաշտպանէինք ամէն գնով երբ ուրիշներ յարձակէին անոնց վրայ կամ թէ չարախօսէին անոնց մասին:

Քառասնորդաց շրջանի երկրորդ կէսին մէջ կը գտնուինք. Ժամանակն է ահա վերատեսելու մեր առած առաջադրութիւնները Մեծ Պահքի սկիզբը եւ քննելու թէ որքանով իրագործած ենք զանոնք. Հաւանաբար տակաւին շատ ետ մնացած ենք, ուստի վերանորոգելու ենք զանոնք, ջանալով դէպի յառաջ երթալ:

Իսկ եթէ շնորհքներ կը սպասենք Աստուծմէ եւ դեռ չենք ստացած, դիմենք իրեն աւետարանի այրի կնոջ նման, որ մինչեւ որ չստացաւ իր ուզածը, իր աղաչանքները չի դադրեցուց դատաւորին առջեւ, ու Տէրը պիտի վարձատրէ մեր յարատեւութիւնը, մանաւանդ երբ մեր խնդրածը շատ կարեւոր ու կենսական է մեզի համար:

Այսօրուայ առակը մեզի կը յիշեցնէ որ աղօթքը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի մեր կեանքին մէջ. Այն անձը որ չ՛աղօթեր եւ մտիկ չ՛ըներ Աստուծոյ ձայնին, կը նմանի խուլ ու համրի մը որ հանդէսի կը մասնակցի առանց բան մը հասկնալու: Բանանք մեր ականջները լսելու համար Տիրոջ խրատը եւ մեր բերանը իրեն փառք տալու: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.