2018-03-09 15:00:00

«Կանգ առնենք աղօթքի համար» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 9 մարտ 2018-ին, «24 ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ դիտել տուաւ թէ յաճախ առօրեայի զբաղումները մեր ուշադրութիւնը կը շեղէն էականէն՝ մեր հոգեւոր կեանքէն, որ է Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը։ Սրբազան Հայրը հուսկ կը հրաւիրէ պահ մը կանգ առնել ու այդ պահը նուիրել աղօթքի։

«Բազմաթիւ միջոցառումներու բերումով յաճախ կ՛անտեսենք էականը. Հոգեւոր կեանքը՝ մեր Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը։ Կանգ առնենք աղօթելու համար»։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակած թուիթին մէջ։ 

Աւելի ուշ Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց այլ  թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ «Ապաշխարութեան խորհուրդին միջոցաւ մենք կը գտնենք դէպի Տէր վերադարձի ճանապարհը ու կը վերագտնենք կեանքի իմաստը»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.