2018-03-06 09:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛օրհնէ «վասն Խաղաղութեան եւ Եւրոպայի միասնութեան» Պենետիկտեան Ջահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի Մարտի 7ին, Չորեքշաբթի  օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  պիտի օրհնէ «Խաղաղութեան եւ Եւրոպայի միասնութեան ի սպաս՝ Պենետիկտեան ջահը», որմէ ետք ջահը պիտի ուղղուի Պերլին որ ընտրուած է այս տարուան ջահը հիւրընկալող քաղաք։

''Պենետիկտեան ջահի'' օրհնութեան աւանդութիւնը ծնունդ առած է 1964-ին` երբ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց Եւրոպայի պաշտպան սուրբ։ Սկզբնական շրջանին ջահը կը կրէր ''Մէկ՝ Եւրոպայի ի նպաստ'' անունը, ապա՝ 1992 թուականէն սկսեալ, ուր հաստատուած էր Մաասթրիխթի Պայմանագիրը, «Պենետիկտեան Ջահ»ը վերածուեցաւ խաղաղութեան խորհրդանիշի ու կռեց ''Վասն խաղաղութեան ու Եւրոպայի Պենետիկտեան ջահի'' անունը։

Սուրբ Պենետիկտոս կը խորհրդանշէ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներուն դաւանումը, որ հասարակաց է եւրոպական 27 երկիրներու։ Պենետիկտեան Ջահ»ի լուցանումը կը ներկայացնէ Սուրբ Պենետիկտոսի լոյսը, որ կը տարածուի Եւրոպայի վրայ՝ բերելով խաղաղութիւն եւ զօրացնելով միասնութեան հոգին։

Ջահի լուսաւորումէն ետք, հաւատացեալներու խումբ մը՝ ուխտագնացութիւն կատարելով ջահը կը տանին Եւրոպայի զանազան քաղաքներ։  Պենետիկտեան ջահը մեզի կը յիշեցնէ՝ եւրոպայի քրիստոնէական ժառանգութիւնը։ Արդարեւ դարերու տարածքին քրիստոնեայ մշակոյթը դրոշմեց եւրոպական պատմութիւնը ու եղաւ խաւարի մէջ լոյսի նշոյլ մը։

Այս տարի «Պենետիկտեան Ջահ»ի ուղեւորութիւնը  սկիզբ առաւ Նորչա քաղաքէն, որ մեծ վնասներ կրած էր 2016-ին Իտալիան հարուածող երկրաշարժի պատճառով։

Նորչայի Պենետիկտեան կրօնաւորներու մեծաւորը այս առթիւ  ըսած է՝ «բոլոր կործանումներու խաւարին մէջ, Սուրբ Պենետիկտոսի ջահը լուսաւորած է Եւրոպան եւ աշխարհը, իր հետ տանելով իր խաղաղութեան եւ միութեան պատգամը։»

«Պենետիկտեան Ջահ»ի 2018 տարւոյն ծրագիրի ներկայացումը կատարուեցաւ անցեալ 16 փետրուար,  որուն առթիւ բացայայտուեցան ձեռնարկի իրականացման փուլերը որոնք սկիզբ առին  փետրուարի 24-ին, երբ Ջահը  լուցանուեցաւ  Նորչայի Սան Պենետեթթօ հրապարակին վրայ, հուրը բերելով ուղիղ Նորչայի Սուրբ Պենետիկտոսի Տաճարի աւերակներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.