2018-03-05 12:06:00

Պենտեկոստէի տօնին յաջորդող օրը պիտի նշուի «Եկեղեցւոյ Մայր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի» ծիսական տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 11 փետրուար 2018-ին,  Լուրտի Տիրամօր երեւումներուն 160-րդ  ամեակին առիթով հաստատուած Ֆրանչիսկոս Պապին  մէկ հրամանագիրի  գործադրութեամբ,  Աստուածային պաշտամուnքի եւ խորհուրդներու  կարգաւորումի ժողովը, հրահանգեց Լատինական ծէսին տօնացոյցին մէջ արձանագրել՝ «եկեղեցւոյ Մայր՝  Երանելի Սուրբ Կոյս Մարիամի»  յիշատակի տօնին  օրը:  

«Նկատի առնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հոգեւոր Խորհուրդի  կարեւորութիւնը, որ Սուբբ Հոգիին սպասումէն ի վեր՝ Պենտեկոստէին օրը,  երբեք չի դադրեցաւ ուխտաւոր եկեղեցւոյ խնամք տանելէ,  Ֆրանչիսկոս Պապ հրահանգեց,  որ Պենտեկոստէի տօնին  յաջորդող՝ երկուշաբթի օրը, համայն Լատին Եկեղեցւոյ մէջ նշուի  «Մարիամ՝ Մայր Եկեղեցւոյ»  ծիսական տօնը» որով  «Ֆրանչիսոկոս  Պապ մաղթանք  կը յայտնէ  որ «եկեղեցւոյ  հոգեւոր  հովիւներուն, կրօնաւորներուն,  կրօնաւորուհիներուն ու աշխարական հաւատացեալներուն մէջ   աճի մայրական  հոգին, ինչպէս նաեւ Մարեմեան գթութիւնը» նշուած է  այս առթիւ Աստուածային պաշտամունքի ժողովի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ

Վերոնշեալ հրամանագիրի մէջ նշուած է նաեւ թէ Մարիամին վերապահուած «Եկեղեցւոյ Մայր» տիտղոսը տրուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.