2018-03-05 14:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «հաւատքը բեմադրութիւն չէ. Աստուծոյ խօսքն է որ կը ներգործէ սրտերուն մէջ»


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 5 մարտ 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիոկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ  մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրային  ընթերցումը՝ քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն ուր Յիսուս կ՝ըսէ  «ոչ մէկ մարգարէ  լաւ  կ՝ընդունուի իր հայրենիքէն մէջ»։   

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով որ հաւատքը, կրօնքը  բեմադրութիւն մը չեն, ընդդցեց  գործի, մտածումի,  ապրելակերպի դարձի գալու կարեւորութիւնը, որուն մասին եկեղեցին քառասնորդաց շրջանին  խոկալ կու տայ  ըսաւ Ան:    

«Եկեղեցին մեզի կ՝ըսէ, որ դարձ կատարենք  գործերով, արարքներով ու մեզի կը խօսի  ծոմապահութեան, ողորմութեան եւ ապաշխարութեան մասին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յորդորելով որ պէտք է նոր գործեր կատարել քրիստոնէական ապրելակերպով – այն ապրելակերպը  որ յառաջ կու գայ Մատթէոսի Աւետարանիչի երանութիւններէ – ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա օրինակ բերաւ Բարի Սամարացիի առակը՝ ուր կայ գթութեան դարձը – ըսաւ Ան  եւ խօսեցաւ Յիսուսի Նազարէթի տաճարին մէջ ներկայութեան մասին ուր ամբոխը անոր կը նայիր հարց տալով եթէ Ան Յովսէփի որդին էր թէ ոչ եւ թէ ինչ իշխանութեամբ էր որ կը քարոզէր։ Անոնք ապա Յիսուսէն հրաշք կը սպասէին որպէսզի հաւատային մինչ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ ճշխարիտ կ՛ըսեմ ձեզի ոչ մէկ մարգարէ լաւ ընդունուած է իր երկրին մէջ։  

Հաւատքը կրօնը բեմադրութիւնը մը չեն, հաստատեց Սրբազան Պապը՝ հաւատքը Աստուծոյ Խօսքն է ու Սուրբ Հոգին է որ կը ներգործէ մեր սրտերուն մէջ, յարեց Ֆրանչիսկոս պապ  ու շեշտը դրաւ  ապաշխարութեան կարեւորութեան վրայ՝ «փոխել մտածելակերպը, ապրելակերպը ու ամէն ինչ ընել քրիստոնէական ոգիով», հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ու քարոզը եզրափակեց յորդորելով  մտածել  Տիրոջ հոգիով  եւ Աստուծմէ հայցել  զատորոշելու շնորհքը որպէսզի կարենանք զատորոշել՝ աշխարհիկ հոգիով կամ Աստուծոյ հոգիով  մտածելու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.