2018-03-05 09:29:00

Նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդին անդամներուն հետ


Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ծաղկաձորի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդին կազմակերպած սեմինարին մասնակցող անդամներուն եւ շրջանային ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող կիներ:

Աւանդական դարձած սեմինարին ընթացքին Հանրապետական կուսակցութեան անդամ կիները ներկայացուցած են 2017-ի իրենց աշխատանքներուն տեղեկագիրը, եւ ապա քննարկած 2018-ին նախատեսուած աշխատանքներն ու կիներու խորհուրդին առջեւ դրուած խնդիրները:

Հանրապետական կուսակցութեան անդամ կիներ նախագահ Սարգսեանէն խնդրած են զիրենք հետաքրքրող կարեւոր եւ արդիական շարք մը հարցերու վերաբերեալ տեսակէտներ եւ դիրքորոշումներ ներկայացնել:

Այդ հարցերը կը վերաբերէին երկրին արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, ընկերային-տնտեսական վիճակին, կրթութեան մարզի բարեփոխումներուն, ժողովրդագրական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման հեռանկարներուն:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպումին ընթացքին պարգեւներ յանձնած է Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ մետալով պարգեւատրած է Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Կարինէ Աճեմեանը եւ Մարգարիտ Եսայեանը` Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին եւ օրէնսդրական հոլովոյթին մէջ անոնց ունեցած աշխուժ մասնակցութեան համար:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է աւանդական դարձած այդ հանդիպումը, որուն ընթացքին ազատ եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ կը քննարկուին հանդիպումին մասնակիցները հետաքրքրող հարցեր, անդրադարձ կը կատարուի պետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ արդիական խնդիրներուն, կուսակցական գործունէութեան եւ այդ շրջագիծին մէջ կիներուն կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն:

Յառաջիկայ 8 մարտին զուգադիպող Կիներու միջազգային օրուան առիթով նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է բոլոր ներկաները, անոնց մաղթելով երջանկութիւն, յաջողութիւն` աշխատանքի եւ անձնական կեանքի մէջ: «Կիներէն շատ բան կախեալ է, թէ՛ ընտանիքին համերաշխութիւնը ապահովելու, թէ՛ ընդհանրապէս երկրի յաջողութիւնը ապահովելու առումով: Մեր երկրին մէջ կիներուն կարելիութիւնները լիարժէք ձեւով չեն օգտագործուիր», հաստատեց ան:

Հանդիպումի աւարտին Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սարգսեանին այդ հետաքրքրական հանդիպումին համար, եւ խորհուրդին անունով անոր նուիրեցին Արցախի Հատրութ շրջանի Տող գիւղի արուեստի դպրոցի սաներուն ձեռային աշխատանքներէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.