2018-03-02 10:56:00

Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի 70 ամեակ. Ֆրանչիսկոս Պապին այցը 21 Յունիսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 2 մարտ 2018-ին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի սրահին մէջ ներկայացումը կը կատարուի Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի 70 ամեակին առթիւ ծրագրուած նախաձեռնութիւններուն։ Այս առթիւ տեղի ունեցող մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Քիւրտ Քոխը եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Վերապատուելի Օլավ Ֆիսք Թուէյթը։

Վերոնշեալ խորհուրդին հիմնական պարտականութիւնն է աշխարհի  քրիստոնեայ զանազան եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան հաստատումը։ Ան կը ներկայանայ որպէս «Եկեղեցիներու եղբայրական հասարակութիւն մը որ կը դաւանի Տէրը Յիսուս Քրիստոս որպէս Աստուած ու Փրկիչ» որ կը ջանայ միասին համապատասխանել միասնական կոչումին ի Փառս միակ Աստուծոյ՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի»։ Խորհուրդը հիմնուած է 1948-ին։ Անոր Աթոռը կը գտնուի Ժընեւի մէջ։ Առ այժմ խորհուրդին մաս կը կազմեն 349 անդամներ որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնեայ զանազան յարանուանութիւնները։ Կաթողիկէ Եկեղեցին մասնակից է խորհուրդին որպէս «դիտորդ»։

Խորհուրդին նպատակակէտն է միասին քալել դէպի միակ հաւատքի տեսանելի միութիւնը։

«Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի 70 ամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 21 Յունիս 2018-ին պիտի այցելէ Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնը։ Այցելութեան յայտագիրը կը հրապարակուի յետագային» յայտնած է Սուրբ Աթոռի Մոմալոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Կրէկ Պուրքը, ուրբաթ 2 մարտն հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.