2018-02-24 08:54:00

Արմէն Սարգսեան ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի պատգամաւորներուն պաշտօնական միացեալ թեկնածուն է


23 փետրուարին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի եւ Հանրապետական ու Դաշնակցութիւն խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու դռնփակ հանդիպումը:

Անկէ ետք Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան լրագրողներուն տեղեկացուց, որ գումարուած է ՀՀԿ եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններու միացեալ նիստ, որուն օրակարգին վրայ կար մէկ հիմնական հարց` հանրապետութեան նախագահի թեկնածուի առաջադրում:

«Արմէն Սարգսեան կարճ ելոյթով հանդէս եկաւ, ներկայացուց իր պատկերացումները ո՛չ միայն նախագահի պաշտօնին վրայ իր գործունէութեան, այլ նաեւ 21-րդ դարուն Հայաստանի զարգացման ուղղութիւններուն, մեր երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ երիտասարդութեան առաքելութեան վերաբերեալ», յայտնեց պատգամաւորը:

Վարդանեան ընդգծեց, որ եթէ կարելի ըլլայ հաւաքաբար աշխատիլ այս պատկերացումներու ծիրին մէջ` քրտնաջան եւ հետեւողական կերպով, ուրեմն կարելի կ’ըլլայ այդպիսի պետութիւն ունենալ:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ` նախագահը ապրիլէն սկսեալ արդէն լիազօրութիւններ չ’ունենար այլեւս, Ա. Վարդանեան ըսաւ, որ նման յայտարարութիւնները սխալ պատկերացումի արդիւնք են: «Մեր նոր սահմանադրութեամբ Հայաստանի նախագահը պետութեան գլուխն է: Նախագահը կրնայ ուղերձով դիմել Ազգային ժողովին` բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինին, եւ անոր գործառոյթները ո՛չ միայն պաշտօնական տառի, այլ նաեւ տրամադրութեան ոգիէն կը բխին, իսկ այդ կը նշանակէ, որ ատիկա կապուած է պետութեան գլխուն», նշեց պատգամաւորը:

Կրկին խօսելով հանդիպումին մասին` Աղուան Վարդանեան դիտել տուաւ, որ պաշտօնական հանդիպումին իմաստը այն էր, որ երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորները Արմէն Սարգսեանը առաջադրեցին Հայաստանի նախագահի թեկնածու:

«Մեքանիզմը այնպէս է, որ թեկնածուն կ’առաջադրեն երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորները: Այս որոշումը տրուեցաւ: Արդէն ստորագրութիւնները կը հաւաքուին, մօտ 60 ստորագրութիւն գոյացած է: Հայաստան գտնուող բոլոր անձնաւորութիւնները կը ստորագրեն: Անհրաժեշտ էր ընդամէնը 1/4-ի ստորագրութիւնը, սակայն արդէն սպասուածէն երկու անգամ աւելի ստորագրութիւն կայ», յայտնեց Վարդանեան:

Պատասխանելով այն քննադատութիւններուն, թէ` Արմէն Սարգսեանը ոչ թէ ՀՀԿ եւ ՀՅԴ պատգամաւորներուն թեկնածուն է, այլ` մէկ մարդու, Աղուան Վարդանեան ըսաւ. «Կայ Հանրապետական կուսակցութիւնը` իր առաջնորդով, եւ կայ Դաշնակցութիւնը: Արմէն Սարգսեան այսօր արդէն իսկ պաշտօնապէս երկու կուսակցութիւններու պատգամաւորներուն միացեալ թեկնածուն է: Այն պատկերացումները, որոնք ունի Արմէն Սարգսեան, լրիւ համահունչ են Աղուան Վարդանեանի պատկերացումներուն` մեր երկրի ապագային եւ իր գործառոյթներուն վերաբերեալ: Այդպէս է պարագան, վստահ եմ, տասնեակ ու տասնեակ պատգամաւորներու համար»:

Լրագրողները նշեցին, որ Սերժ Սարգսեանի կողմէ առաջադրուած ոեւէ թեկնածու համահունչ պիտի ըլլայ կուսակցութիւններուն պատկերացումներուն. Վարդանեան արձագանգեց. «Դուք կը սխալիք: Կար թեկնածու առաջադրելու խնդիր, դուք ինչո՞ւ այլ պատկերացում ունիք: Հանրապետութեան նախագահը քննարկած է իր կուսակցութեան շարքերուն մէջ եւ առաջադրած է թեկնածու մը, որ թէ՛ իր  փորձառութեամբ, թէ՛ մարդկային յատկութիւններով, եւ թէ՛ կենսագրութեամբ, բոլոր որակներով լաւագոյն թեկնածուն է»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.