2018-02-21 10:20:00

Նախագահ Սարգսեան հանդիպած է եկեղեցւոյ գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 20-ին հիւրընկալած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները:

Նախագահի մամուլի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համազգային հարցեր, որոնց շարքին` Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու հետ կապուած:

«Հայ Առաքելական Եկեղեցին անփոխարինելի վաստակ ունեցած է մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Վստահ եմ` դուք կը տեսնէք, որ աշխարհը շատ արագ կը զարգանայ, եւ այդ ընթացքին մարտահրաւէրներու հետ միասին նաեւ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին: Որպէսզի մենք այդ հնարաւորութիւնները կարենանք ի շահ մեր պետութեան եւ ժողովուրդին գործադրել, պէտք է կարենանք դիմակայել մարտահրաւէրներուն: Վստահ եմ, որ ձեր կողմէ կատարուող քայլերը նաեւ ատոր ուղղուած են»,- ըսած է նախագահը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայացուցած է ընդլայնուած կազմով այս տարի գումարուող Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի առաջին նիստի օրակարգին մէջ քննարկուելիք հարցերը:

«Գիտէք, որ այսօր մեր առջեւ դրուած, մեր ժողովուրդին յուզող խնդիրներէն են Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ստեղծուած իրավիճակը, որ առաջնահերթօրէն մեր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի օրակարգի հարց է: Ինչպէս գիտէք, ձեռնամուխ եղած ենք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հետ միասին կանոնակարգելու մեր եկեղեցական կեանքը, անոր կառավարման մարմիններու գործունէութիւնը»,- ըսած է Վեհափառ Հայրապետը:

Ան յայտնած է, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդ որոշած է 2018-ը հռչակել երիտասարդութեան տարի, եւ Յուլիս 5-8 թեմերէն ուխտաւոր երիտասարդներ հոյրընկալել Հայաստան:

Նախագահը ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար պետական բարձր պարգեւներ յանձնած է Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տէր Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանին, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին եւ ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տէր Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանին:

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.