2018-02-19 09:36:00

Իրանեան ճամբորդատար օդանաւի ջախջախման պատճառով արձանագրուեցաւ 66 զոհ


Իրանեան  լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Թեհրանէն Եասուժ մեկնող իրանեան ճամբորդատար օդանաւ մը երէկ արշալոյսին Թեհրանի «Մեհրապատ» օդակայանէն թռիչք կատարելէ ետք ջախջախուած է:

Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի յայտարարեց, որ օդանաւը կը պատկանի «Ասման» օդանաւային ընկերութեան, եւ անոր մէջ կը գտնուէին 60 ճամբորդներ եւ անձնակազմի 6 անդամներ:

Օդանաւային ընկերութեան բանբերը իր կարգին յայտնեց, որ օդանաւին մէջ գտնուող բոլոր անձերը մահացած են: Ան յայտնեց, որ կենսոլորտի վատ պայմաններուն պատճառով օդանաւի բեկորներու փնտռտուքի աշխատանքը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

Սպահանի հարաւը գտնուող բարձունքներուն վրայ փնտռտուքի աշխատանքներուն կը մասնակցին 40 լեռնագնացներ:

Նշենք թէ Արամ Ա. կաթողիկոս, իմանալէ ետք Թեհրան-Եասուճ իրանական թռիչքի օդանաւին ջախջախումը, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի:

Ցաւակցագիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յանուն կիլիկեան Ս. աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին եւ արկածին զոհերու ընտանիքներուն` աղօթելով, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ցաւին մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանէ ու պաշտպանէ Իրանի ժողովուրդը:








All the contents on this site are copyrighted ©.