2018-02-10 09:43:00

Ասորի քրիստոնեաներ կը վերադառնան Տէր Զօր. առաջին Սուրբ Պատարագը


(Ռատիօ Վատիկան) Ասորի քրիստոնեաներ, առաջին անգամ ըլլալով, վեց տարիներ ետք, փետրուար 7ին, սուրբ Պատարագ մատուցած են Տէր Զօրի Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ։

Ուղղափառ Ասորիներու Անտիոքի Պատրիարք՝ Իգնատիոս Աֆրեմ Բ., որ նախագահած է Սուրբ Պատարագին, ըսած է «աննկարագրելի զգացում մըն է մեզի համար՝ աղօթել քանդուած եկեղեցւոյ մէջ, որ կը ծառայէ իբր մխիթարանք մեր սրտերուն եւ յոյսի պատգամ մըն է քաղաքի ժողովուրդին, որ վերադառնան եւ մասնակցին վերակառուցումին։»

Սուրբ Պատարագը մատուցուած է երկու երկվեցեակ հաւատացեալներու ներկայութեան, եւ մասնակցութեամբ տեղւոյն քանի մը իսլամ հոգեւորականներու։ Որովհետեւ խորանը ծանրապէս վնասուած էր, Սուրբ Պատարագին համար գործածուած է յարմարեցուած սեղան մը։

Հակառակ խորտակուած պատուհաններու, ցրիւ եկած մետաղաթելերու եւ ռումբերու կտորներու, տեղւոյն հաւատացեալները ուրախ էին մասնակցելու առաջին սուրբ Պատարագին, որ կրկին կը մատուցուէր տարիներ ետք։ Հաւատացեալներէ մին ըսած է՝ «աղօթելը համարեա նոր կեանք է ինծի համար։ Ան ինծի վճռակամութիւն տուաւ վերադառնալու դէպի Տէր Զօր, համակերպելու ենթակառոյցներու աղքատիկ պայմաններուն, եւ մասնակցելու անոնց վերակերտումին»։

2012ին, ապստամբներ տիրացած էին Տէր Զօր քաղաքի մէկ մասին։ Ապա, 2014ին իսլամ զինեալներ գրաւած էին քաղաքը։ Ասոր հետեւանքով հազարաւորներ հեռացած էին քաղաքէն, ուր նախապէս կʼապրէին երեք հազար քրիստոնեաներ։

Նախորդ տարուան նոյեմբերին, սուրիական բանակը վերագրաւած էր քաղաքը, որ մեծապէս քանդուած էր եւ լքուած առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներու։ Գաղթականներ սկսած էին վերադառնալ իրենց քաղաքը, քաջալերուած տեղւոյն Ուղղափառ Ասորի Արքեպիսկոպոս Մորիս Ամսէհի կողմէ։ Ան շեշտած է, թէ «հիմա կարեւոր է որ կեանքը վերադառնայ, որպէսզի Տէր Զօրի բնակիչները եւ քրիստոնեաները վերադառնան։»

Տեղացի բնակիչներէն Շատի Թումա, որ վերջին տարիներու երբէք չէր լքած իր քաղաքը, ըսած է՝ «Տէր Զօրի դժուարին օրերը մղած էին ընտանիքները որ լքեն եւ հեռանան, սակայն իմ մէջս վճռակամութիւն կար մնալու այս քաղաքին մէջ։ Տէր Զօրի մէջ միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ համակեցութիւնը մը. քրիստոնեաներ միշտ պիտի պահեն իրենց ներկայութիւնը այստեղ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.