2018-02-07 15:20:00

Քահանայապետական @Pontifex կայքը գերազանցեց 45 միլիոն հետեւորդներու թիւը։


 (Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին հրապարակած թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց «Քայլ առ քայլ աճելով հոգեւոր կեանքին մէջ,  կը հասկնանք  որ շնորհքը մեզի կը հասնի ուրիշներուն հետ  ու թէ զայն  բաժնեկցելու  ենք ուրիշներուն  հետ» ։

Նշենք թէ այսօր  7 փետրուարին՝ 9 լեզուներով հրապարակուած  Քահանայապետական @Pontifex թուիթերեան կայքին հետեւորդներուն թիւը հասաւ 46 միլիոն 36 հազարի:  Քահանայապետական բազմալեգու թուիթերեան կայքին   հետեւորդներուն ամենէն բարձր թիւը արձանագրած  է Անգլերէն լեզուի բաժանմունքը 16.6 միլիոն   որուն կը յաջորդէ Սպաներէնը ՝16 միլիոն ապա իտալերէնը ՝ 4,85 միլիոն. Ապա  Լատիներէն լեզուի հետեւորդներու թիւը   870 հազար է:    Այս լեզուներուն կից կան նաեւ Ֆրանսերէնը, Լեհերէնը . Փորթուկալերէն, Գերմաներէնը եւ Արաբերէնը 








All the contents on this site are copyrighted ©.