2018-02-05 10:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2018 քառասնորդացի պատգամի ներկայացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 6 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան 11-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի դահլիճին մէջ տեղի ունեցող մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2018 տարուայ քառասնորդացի պատգամը։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի կառավարիչը՝ կարդինալ Փիթըր Ափիա Թուրքսըն, Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի ենթաքարտուղար՝ Գերապայծառ Կրահանմ Պելլ ու Սպանիայի Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար Տիկ Նաթալիա Փէյրոն։ 

Քահանայապետական պատգամը պիտի հրապարակուի 8 լեզուներով՝ Իտալերէն, ֆրանսերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն, Փորթուկալներէն, Լեհերէն եւ արաբերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.