2018-01-29 09:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Ուքրանացի Յոյն Կաթողիկէ Հռոմի Սանթա Աոֆիա պազիլիքային։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 28 Յունուար 2018-ի կէսօրէն ետք 4-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ այցելութիւն տուաւ Հռոմի Սանթա Աոֆիա պազիլիքային, ուր հանդիպում ունեցաւ Ուքրանացի Յոյն- Կաթողիկէ հասարակութեան հետ։

Սրբազան Հայրը պազիլիքա ժամանումին ողջոյնի խօսք ուղղեց Պազիլիքայէն դուրս գտնուող հազարաւոր ուքրանացիներուն, ապա պազիլիքայի մէջ՝ Գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեվչուք Արքեպիսկոպոսին  իրեն ուղղած բարի գալուստի խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը որուն մէջ ըսաւ «Ես այստեղ կը գտնուիմ ձեզի ըսելու համար թէ ձեզի մօտիկ եմ, մօտիկ սրտով ու աղօթքով, մանաւանդ երբ պատարագ կը մատուցեմ։ Այնտեղ Խաղաղութեան Իշխանէն կը խնդրեմ որ լռեն զէնքերը։ Անորմէ կը խնդրեմ ապա որ ձեր սիրելիներուն նեցուկ կանգելու համար չի դիմէք տմակարդային զոհողութիւններու»։

Նշենք թէ Իտալիոյ մէջ շատ մը ուքրանացի կիներ կը զբաղին Իտալացի տարեցներու հոգատարութեամբ այս առնչութեամբ եւս Սրբազան Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց իրենց աշխատանքը  նկատելով նաեւ առաքելութիւն ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Յոյն Կաթողիկէ Ուքրանացի հասարակութեան՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին նկատմամբ ցուցաբերած հաւատարմութեան։

Պազիլիքային մէջ արտասանած ճառէն ետք Սրբազան Քահանայապետը, ընկերակցութեամբ Ուքրանիոյ  Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աւագ Արքեպիսկոպոս՝ գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեւչուքին պահ մը ամփոփուեցաւ Սթեֆան Չիմիլ եպիսկոպոսին դամբանին մօտ, ապա նախ քան Վատիկան վերադարձը ուզեց դարձեալ խօսք  ուղղել Պազիլիքայէն դուրս գտնուող հաւատացեալներուն ողջունելով զանոնք ու շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն  վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար, ապա խրախուսեց զանոնք հաստատ մնալու հաւատքին մէջ, պահպանել իրենց նախնիքներէն ընդունած հաւատքը ու զայն փոխանցել իրենց զաւակներուն։ Այս, ըսաւ Քահանայապետը, ամենագեղեցիկ նուէրն է որ ժողովուրդ մը կարող է պարգեւել իր զաւակներուն. հաւատքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարց տուաւ «ինծի համար պիտի աղօթէ՞ք». Ամբոխը միաձայն պատասխանեց «այ՛ո». առ այդ Նրին Սրբութիւնը հարցուց «պիտի աղօթէք հակառակ թէ ի նպաստ» ու անոնք պատասխանեցին  «ի նպաստ»։ «Շարունակեցէք աղօթել ինծի համար, ես ալ պիտի շարունակեմ աղօթել ձեզի համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը հրաւիրելով նաեւ միասնաբար աղօթել «ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը։

«Քաջութիւն՝ յառաջ ընթացէք», ըսաւ Ֆրանչիսկոս  Պապ ու հրաժեշտ առնելով ներկաներէն վերադարձ կատարեց Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.