2018-01-26 08:27:00

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։


Հինգշաբթի, 25 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ղպտի եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Պիշոյ արքեպիսկոպոսը, Պենիամին արքեպիսկոպոսը, Լիբանանի ղպտի համայնքի առաջնորդը եւ դոկտ. Կրկես Սալեհը:

Պատուիրակութեան անդամները վեհափառ հայրապետին փոխանցեցին ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թէոդորոս պատրիարքին ողջոյնները: Խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին եւ միջուղղափառ աստուածաբանական երկխօսութեան հետ աղերս ունեցող նիւթերու մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.