2018-01-23 09:09:00

Ֆրանչիկսոս Պապին հանդիպումը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Մարդոց հաւատքը. անհաւատալի իրականութիւն» Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Չիլի եւ Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած աւանդութիւն դարձած զրոյցի ընթացքին ուր նշեց թէ «այդ ճամբորդութեան ամենէ յուզիչ իրականութիւնը՝ ժողովուրդին հաւատքն էր», յատկապէս ակնարկելով Լիմայի մէջ եզրափակիչ սուրբ պաղատագին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 1 միլիոն 300 հազարէ աւելի հաւատացեալներ, որոնք երկիւղով եւ խանդավառութեամբ մասնակցեցան սուրբ զոհին։ Չիլի մէջ  եւս  այդ գորովն ու սէրը զգալի էր ամենուրէք - ըսաւ Քահանայապետը։

«Հաւատքի արտայայտութիւնը, մաղուած ժողովուրդին ջերմութեան հետ, իսկապէս յուզեց զիս» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Չիլիի մէջ իգական բանտին տուած այցելութեան ու բանտարկեալներուն հետ ունեցած հանդիպումին ու անոնց արտայայտած «Աւետարանի ուրախութեան»։ Կիներ որոնք սխալ գործելէ ետք որոշեցին փոխել իրենց կեանքը ու նոր ընթացք մը սկսիլ Աւետարանի զօրութեամբ –  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - ապա ակնարկեց Փուերթօ Մալտոնատոյի մէջ կայացած բնիկ ժողովուրդներու հետ հանդիպումին ինչպէս նաեւ Հոկար Փրինսիփիթոյին մէջ որբ մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումին, յատկապէս գնահատելով այդ վայրին մէջ մանուկներու արհեստավարժ խնամակալութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձ կատարեց նաեւ Օզորնօ թեմին Եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Պարրոսի հարցին։ Գերապայծառ Պարրոս շատերէն մեղադրուած է որպէս մեղսակիցը հայր Քարատիմայի որ դատապարտուած է մանկամոլութեան յանցանքով։ Ֆրանչիսկոս Պապ ամփոփելէ ետք հարցը բացատրեց թէ եպիսկոպոսի դէմ  ամբաստանութիւնը ոչ մէկ հիմք ունի տարրերու բացակայութեան բերումով ու թէ այդ մէկը զինք մղեց մերժելու եպիսկոպոսին ներկայացուցած հրաժարականը։

«Հակառակ բոլոր հետաքննութիւններուն ոչ մէկ արարք վերագրուեցաւ եպիսկոպոսին եւ ասոր համար ես չեմ կրնար դատապարտել կամ պատժել զինք, որովհետեւ տուեալներ չկան այդ ուղղութեամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ներողութիւն խնդրելով անցած օրերուն գործածած մէկ  արտայայտութեան համար որ վիրաւորած էր մանկամոլութեան թիրախ զոհերու զգացումները։ «ներողութիւն կը խնդրեմ, ըսաւ Սրբազան Պապը, եթէ  առանց ուզելու վիրաւորեցի զանոնք, ապա նշեց թէ Չիլիի մէջ հանդիպում ունեցաւ չարաշահումներու թիրախ երկու զոհերու հետ, հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալ Օ՛ Մալլէյին որ՝ անցեալ օրերուն, Սրբազան Քահանայապետին արտայայտութենէն ետք, դիտել տուած էր թէ այդ արտայայտութիւնը վիրաւորած էր զոհերը։

Անդրադառնալով հուսկ Մանուկներու պաշտպանութեան վատիկանեան յանձնախումբի գործունէութեան, Սրբազան Պապը հաստատեց թէ յանձնախումբի աշխատանքը յառաջ կ՛ընթանայ «Զէռօ հանդուրժողականութիւն» կարգախօսով, դրական համարելով մինչեւ օրս կատարուած գործունէութիւնը։

Խօսելով ապա օդանաւին մէջ մատակարարած ամուսնութեան մասին, Սրբազան Հայրը բացատրեց թէ զոյգը իրեն յայտնած էր կամքը ամուսնանալու ու թէ ինք մի քանի հարցումներ ուղղած էր եւ անոք  յստակ պատասխաններ տուած էին ու թէ հետեւած էին ս պսակի նախապատրաստական դասընթացքին։ «Տեսնելով անոնց պատրաստութիւնը, անոնց փափաքը իրականացնելու համար որոշեցի կատարել արարողութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ զոյգը որ պետական ամուսնութիւնը կատարած էր չէր կարողացած եկեղեցական արարողութիւնը կատարել Փերուն հարուածող երկրաշարժի պատճառաւ ու թէ կեանքի հարցերու բերումով ստիպուած եղած էր  յետաձգել արարողութիւնը։ «Բոլոր պայմանները յստակ էին ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ նախընտրելի էր այդ մէկը չի յետաձգել»։

Սրբազան Հայրը խօսեցաւ ապա Ամազոնեան շրջանի մէջ բնապահպանութեան խնդիրի մասին ու թէ ինչպէս պատահած է որ «անտարները» պաշտպանելու համար վտարուած են այնտեղի բնիկ ժողովուրդները, ապա անտարը դարձած է չարաշահումի առարկայ։ Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ անգամ մը եւս շեշտը դրաւ  կաշառակերութեան ախտին վրայ ու այդ ախտը Լատին Ամերիկայէն վերացնելու հարկաւորութեան վրայ, դիտել տալով թէ այդ ախտը անցեալին մէջ վարակած է նաեւ եկեղեցին՝  ու թէ այդ իրողութիւնը մեծ ցաւ կը պատճառէ Սրբազան Պապին։

Նորին Սրբութեան շօշափած այլ նիւթերէն մին եղաւ «ազատական քաղաքականութիւնը»  որուն մասին արտայայտուելով Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ շատ անգամ այդ քաղաքականութիւնը յառաջացուցած է աւելի մեծ աղքատութիւն նա մանաւանդ երբ ան չի ներգրաւեր համայն ժողովուրդը։

Սրբազան Քահանայապետը, զրոյցի աւարտին, հաստատեց թէ Փերուի ճամբորդութենէն իր հետ կը տանի ժողովուրդին զօրեղ ու տպաւորիչ հաւատքը։ Ժողովուրդ մը որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն չէ կորսնցուցած իր հաւատքը. Ուրախ ժողովուրդ մը, յոյսով լի ազգ մը ու յատկապէս բազմաթիւ մանուկներ ունեցող ազգ մը։ Այս կը նշանակէ ապագայ, այս կը նշանակէ յոյս։ Հարկաւոր է պաշտպանել այդ հարստութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.