2018-01-22 11:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Փերուի մէջ եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, կիրակի 21 յունուարին ՝ յետմիջօրէին,   Լիմա մայրաքաղաքի  Լաս Փալմաս օդանաւային տարածքին վրայ,  Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար հաւատացեալներ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ   արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ՝քաղուած Յովնանու մարգարէի գիրքէն  «Ելիր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա ու տուր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ» (Յովնանու 3,)

Ան քաջալերեց հաւատացեալները երբեք չի վախնալու  որովհետեւ Աստուած   համայն ժողովուրդին  նեցուկ  կը կանգնի որովհետեւ Աստուած բոլորիս  թոյլ կու տայ   իրեն հանդիպելու  առօրեայ կեանքին մէջ, մեր բնակարաններու մտերմութեան մէջ  ինչպէս նաեւ , մեր աղմկալի եւ  կեղտոտ ճամբաներուն վրայ:  

Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ,  որ երբեմն՝  գիտնալով  հանդերձ որ Աստուած միշտ  շարժումի  մէջ է   զայն բաւարար չենք նկատեր եւ մեր հետ կը  պատահի  այն ինչ որ պատահեցաւ Յովնան մարգարէիին հետ  որ Աստուած ուղարկած էր մարդիկը  դարձի բերելու համար:

«Մեր ապրած  քաղաքներու մէջ  կան բազմաթիւ մարդիկ որոնք ունին հարմար  միջոցները ապրելու եւ իրենց անձն ու ընտանիքները  զարգացնելու մինչ այնտեղ կան նաեւ «ոչ քաղաքացիներ»  «կէս վիճակի քաղաքացիներ» որոնք կը գտնուին  մեր ճամբաներուն եզերքը,  որոնք կ՝երթան ապրելու մեր քաղաքներուն ծայրամասերուն մէջ՝ զուրկ արժանավաել կեանքի անհրաժեշտ պայմաններէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւն դիտել տալով որ այս «յաելուած մարդոց» միջեւ  կան անթիւ մանուկներ ու անչափահասներ  ու յորդոր ուղչեց մեր քաղաքները՝ հանդիպումի, ուրախութեան եւ զօրակցութեան  վայրեր վերածելու,   խուսափելով Յովնանու ախտանշանէն,  որ փախուստի թաքստոցներ կը հնարէ եւ մեզի ուրիշներու դիմաց խուլ կը ձեւացնէ  ըսաւ նորին սրբութիւնը  անդրադառնալով որ այս Յովնանու  կեցուածքը չարիք կը հասցնէ ժողովուրդին-  մինչ՝  մարդկութեան չափանիշը էապէս   կը սահմանուի տառապանքին եւ տառապողին յարաբերութան ընդմէջէն,   եւ ընկերութիւն մը որ կարող չէ տառապողները ընդունիլ՝ անմարդկային եւ դաժան ընկերութիւն մըն է: 

Նորին Սրբութիւն  ապա հրաւիրեց  ընթանալ նման Յիսուսին,   որ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռբակալումէն ետք եւս  Քալիլեա մտաւ  հրահրելու համար այն մեծ յոյսը՝ Աստուծոյ արքայութեան ժամանումով: 

Յիսուս առաքելութիւնը կը սկսի Սիմոնի եւ Անդրէասի հետ ու կը հասնի մինչեւ մեր օրերը, մինչեւ մեզի դարձնել յանձնառու ըլլալու

«անտարբերութեան համաշխարհայնացումի» դէմ որպէս նորոգուած հակաթիւն մը  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսին մզի թողած պատգամին «Սիրել զԱստուած ու մեր ընկերը» ու հաստատեց թէ  

Յիսուս կը շարունակէ քալել մեր  ճամբաներու վրայէն,  ու  կը շարունակէ մեր  դռները ու սիրտերը  փախել ՝դարձեալ  հրահրելու համար յոյսն ու փափաքը՝   որպէսզի ապականումը  շրջանցուի եղբայրութեամբ, որպէսզի  անարդարութիւնը յաղթահարուի զօրակցութեամբ  եւ բռնութիւնը  խաղաղութեան զէնքերով մառի,. յարեց Ֆրանչիսհոս  ապա մատնանշեց որ այսօր Տէրը  մեզի կը  կանչէ իր հետ ընթանալու մեր քաղաքներուն  մէջ: Յիսուս մեզ կը կանչէ   միսիոնար առաքեալներ դառնալու  եւ մասնակից ըլլալու  այն շշուկին որ կ՝ուզէ շարունակել արձագանգել  մեր  կեանքի իւրաքանչ իր անկիւնի մէջ:  Ուրախացիր Տէրը քու հետդ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.