2018-01-21 18:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը ու երիտասարդներուն փոխանցած պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 21 յունուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լիմայի «Plaza de Armas» հրապարակին վրայ Փերուվացի հազարաւոր երիտասարդներու ներկայութեամբ, արտասանեց Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին յատուկ պատգամ մը փոխացեց հրապարակին վրայ համախմբուած երիտասարդներուն որուն մէջ ակնարկեց հոկտեմբերին գումարուելիք երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ընդգծելով թէ այսպիսի հանդիպումներ շատ կարեւոր են պատրաստելու համար այդ սիւնհոդոսը։

Սրբազան Հայրը ապա թելադրեց հետեւիլ իրենց երկրի սուրբերէն՝ Սուրբ Մարթին Տէ Փորրէսի օրինակին, որ իր կեանքը նուիրեց ուրիշներու ծառայողութեան, դիմագրաւելով ամէն տեսակ խոչընդոտ, որովհետեւ վստահած էր Տիրոջ որ զինք կը սիրեր, ու այս եղաւ անոր կեանքի գաղտնիքը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Տէրը վստահութիւն ունի նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ վրայ ու երբեք չի յոգնիր այն վստահութիւնը ունենալէ» ապա խրախուսեց երիտասարդները չի վհատելու  նոյնիսկ ամենէ դժուարին պահերու ընթացքին, նոյնիսկ երբ կը կարծեն թէ հաւատքը մռայլած է։ «Մի մոռնաք որ Յիսուս ձեզի մօտիկ է. Դուք ձեզ յաղթահարուած մի նկատէք. Յոյսը մի կորսնցնէք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց միշտ դիմել աղօթքի ու հայցել սուրբերու բարեխօսութիւնը։ Փնտռել բարի եւ իմաստուն անձերու խորհուրդը ու թոյլ տալ որ անոնք ընկերանան իրենց կեանքի ուղեւորութեան։  

Յիսուս կ՛ուզէ ձեզ տեսնել ընթացքի մէջ։ Կ՛ուզէ որ դուք յառաջ տանիք եւ իրականացնէք ձեր իտէալները։ Ան ձեզ կ՛առաջնորդէ երանութիւններուն, որ դժուար բայց ոգեւորիչ ճանապարհ մըն է, որ կարելի չէ միայնակ կատարել, այլ խումբով, ուր ամէն մին կարող է համագործակցիլ իր լաւագոյնը տալով - յարեց Սրբազան Պապը ու հաստատեց «Յիսուս ձեր վրայ կը վստահի, այնպէս ինչպէս վստահեցաւ Փերուի բազմաթիւ սուրբերու վրայ, ու ձեզի հարց կու տայ եթէ յօժար էք իրեն հետեւելու։

Յիսուս չուզեր որ ձեր սրտերը «դիմայարդարուին», ան ձեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ էք ու  իւրաքանչիւրիդ համար վերապահած է երազ մը։  Երբ որ Յիսուս մեզի նայի՝ չի նայիր մեր կատարելիութեան այլ այն սիրոյն որ մենք կարող ենք նուիրել ուրիշներուն, ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ Յիսուս միշտ մեզի կը սպասէ, մեզի պարգեւելու համար իր Հոգին որ է այն Սէրը զոր Աստուած կ՛ուզէ դնել մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի մենք դառնան իրեն միսիոնար աշակերտներ։

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը նշեց թէ Յիսուսին հետեւելով երբեք բացառուած չենք, նոյնիսկ երբ սխալինք։ Ան մեզի միշտ կը տրամադրէ երկրորդ կարելիութիւն մը, որպէսզի կարենանք մեր ուղեւորութիւնը շարունակել Անոր հետ»։

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ բոլոր երիտասարդները յանձնեց Մարիամի մայրական հովանիին, որ, ըսաւ Ան, կ՛առաջնորդէ ձեր քայլերը կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին, կենաքի խաչմերուկներուն  ու թիկունք կը կանգնի մանաւանդ երբ դժուար ընտրութիւններ պիտի կատարէք։ Մի վհատիք։ Միշտ յառաջ ընթացէք միասնաբար, կ՛արժէ կեանքը ապրիլ ճակատը բաց։ «Աստուած ձեզ օրհնէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը աւելցուց. «Այստեղ համախմբուած ենք Լիմայի կեդրոնական հրապարակին վրայ, փոքրիկ վայր մը, բաղդատմամբ աշխարհի այլ վայրերու ուր կան հարցեր ու պատերազմներ, եւ այսօր մեզի կը հասնին մտահոգիչ լուրեր Քոնկոյի Հանրապետութենէն։ Մտաբերենք Քոնկոն հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ապա ըսաւ. «Այս պահուս բոլոր այս երիտասարդներուն հետ միասին կոչ կ՛ուղղեմ իշխանութիւններուն, պատասխանատուներուն ու բոլորին որպէսզի յանձնառու ըլլան ու ամէն ջանք դափեն խուսափելու համար ամէն տեսակ բռնութենէ ու փնտռեն լուծումներ ի նպաստ հասարակաց բարիքին։ Ամէնքս միասին, լրութեան մէջ, աղօթենք այս դիտաւորութեան համար,  Քոնկոյի հանրապետութեան  մեր եղբայրներուն համար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.