2018-01-21 15:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Քարմելիթեան փակեալ կրօնաւորուհիներուն սրբավայրը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 յունուար 2018-ին,  Չիլի եւ Փերու կատարած առաքելական Ճամբորդութեան վերջին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապ  Փերուի Լիմա մայրաքաղաքին մէջ  այցելեց  «Senor de los Milagros» նշանաւոր սրբավայրը,  որուն մէջ կը գտնուի  Քրիստոսի Խաչելութիւնը պատկերացնող «հրաշքներուն  Տէր» կոչուած հրաշագործ իւղաներկը՝ գծագրուած պատի մը վրայ ՝ԺԷ դարուն: Սրբավայրին խնամակալութիւնը  յանձնուած է   Քարմելիթեան միաբանութեան  փակեալ մայրապետներուն:

Նշենք թէ 1655 ուժգին երկրաշարժ մը հարուածած է Լիմա մայրաքաղաքը, որուն պատճառաւ քաղաքին անթիւ կառոյցներ փլատակ եղած են, սակայն  «Հրաշքներու Տէր» հրաշագործ պատին վրայ գծագրուած իւղաներկը կանգուն եւ անբիծ մնացած է ՝ դառնալով Փերուի կաթողիկէ հաւատացելաներու  համար պաշտամունքի վայր:

Ֆրանչիսկոս Պապ  Սրբավայր ժամանումին, ողջունելէ ետք Քարմելիթեան միաբանութեան մեծաւորուհին, պահ մը ամփոփուեցաւ եւ լռելեան աղօթք կատարեց Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ որմէ ետք նախագահեց  ժամասացութեան աղօթքին,  որուն առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Քարմելիթեան միաբանութեան քոյրերուն՝  սրբավայրի լռութեան ընդմէջէն Իրեն  կողքին  գտնուելնուն  համար, ապա մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի Հռոմէացիներու ուղղած թուղթէն «Սուրբ Հոգին կը վկայէ մեր հոգիին թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք (Հռոմ 8 15, 16) հատուածը, Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ այս խօսքերուն մէջ խտացուած են իւրաքանչիւր քրիստոնէական կոչումի հարստութիւնը,  որ է Աստուծոյ   որդիներ ըլլալու ուրախութիւնը, ու  հաւիրեց  ամէն օր վերանորոգել սոյն ուրախութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա փակեալ մայրապետներուն  նկատել տուաւ,  որ անոնք  ունին առանձնաշնորհեալ ուղի մը՝ հասարակաց, անձնական աղօթքի կեանքը,  որ հայեցողական կեանքին կեդրոնը կը նկատուի ՝   մշակելու համար սիրոյ փորձառութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Միսիոնարական աղօթքին նշելով որ այդ աղօթքի միջոցաւ կը միանանք որեւէ միջավայրի մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն, աղօթելու համար  Աստուծոյ որ  յոյսէ ու սէրէ  անպակաս ընէ զանոնք,  դիտել տալով որ  «սէր կը նշանակէ , գիտնալ  նեցուկ կանգնիլ  տառապող անթիւ եղբայրներուն»։

Նորիս Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ կրօնաւորկան  փակեալ կեանքին,    նշելով որ ան ունի միսիոներականն եւ տիեզերական հանգամանք եւ հիմնական տեղ կը գրաւէ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ,   խնդրելով կրօնաւորուհիներէն որ աղօթեն ու բարեխօսեն գաղթական,  բանտարկեալ եւ հալածուած եղբայրներուն համար,  ինչպէս նաեւ աղօթել խոցուած  ընտանիքներուն,  գործէ զուրկ, աղքատ, հիւանդ մարդոց համար, ընդգծելով թէ անոնք իրենց աղօթքով Տիրոջ կը մօտեցնեն  բազմաթիւ եղբայրներու  ու քոյրերու կեանքը, որոնք զանազան պատճառներու համար կարողութիւնը չունին փորձարկելու Աստուծոյ վերածնող ողորմածութիւնը։

Ֆրանչիսհոս Պապ ապա յարեց թէ   փակեալ մայրապետները   իրենց աղօթքի միջոցաւ դարման կը հանդիսանան բազմաթիւ եղբայրներու վէրքերուն  եւ ասոր համար է  որ փակեալ կեանքը՝ սիրտը  բանտարկութեան չենթարկեր, այլ՝ ընդհակառակը զայն կ՝ընդլայնէ շնորհիւ Տիրոջ հետ  հաստատուած յարաբերութեան։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով եկեղեցւոյ միութեան  խնդրեց կրօնաւորուհիներէն որ աղօթեն եկեղեցւոյ միութեան համար եւ յանձնառումով  ապրին  եղբայրական կեանքը, այնպէս ընելով  որ ամէն վանք դառնայ մեծ ճրագ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին աւարտին հաստատեց թէ   Եկեղեցին փակեալ կրօնաւորուհիներուն   պէտք ունի։ «Աղօթեցէք եկեղեցւոյ,  հովիւներուն, օծեալներուն,  ընտանիքներուն տառապողներուն , չարիք գործողներուն ինչպէս նաեւ իրենց եղբայրները  շահագործող մարդոց համար եւ հաճեցէք չի մոռնալ աղօթել նաեւ ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.