2017-12-28 08:03:00

Հայաստանի մէջ Արեւային առաջին ինքնաշարժը կը ստեղծեն` երկրին մէջ արտադրութիւն հիմնելու երազանքով։


Հայաստանի մէջ արեւային առաջին ինքնաշարժի ստեղծումը կամաւորներու եւ խանդավառներու ծրագիր է: Բան մը, որ կ՝ընեն մասնագիտական հաճոյքի համար եւ երազանքով, որ Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի արեւային ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւն:

Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալը ըսած է, որ ասիկա անձնական նախաձեռնութիւն է, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ արեւային ճարտարագիտութիւններու` յատկապէս ելեկտրական փոխադրամիջոցներու հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնելն է: «Առաջին հանդիպումը հետաքրքրուած անձերու հետ երկու մասի բաժնեցինք. առաջինը` զերոյէն արեւային ինքնաշարժ նախագծել եւ կառուցելն է, երկրորդը` գործող որեւէ հին ինքնաշարժ ամբողջովին ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժ դարձնելը: Կ՝ուզենք ցոյց տալ, որ հնարաւոր է գործող ինքնաշարժները փոխել ելեկտրական շարժիչի, յետագային յոյս ունինք, որ անիկա պիտի դառնայ տարածուած փորձ Հայաստանի մէջ»,- նշած է Հայկ Յարութիւնեան:

Պաշտօնեային խօսքով` միւս կողմէն` աշխարհի առաջնակարգ ելեկտրական ինքնաշարժ արտադրող ընկերութիւնները իրենց հիմնական ճարտարապետներն ու աշխատակիցները կը գտնեն այն խումբերէն, որոնք կը մասնակցին նման աշխատանքներու: Աւստրալիոյ մէջ կայ «արեւային մարտահրաւէր» մրցոյթը, որ կը գործէ 30 տարիէն աւելի, ու բոլոր համալսարանները աշխոյժ կերպով կը մասնակցին, իւրաքանչիւր խումբ կը նախագծէ իր արեւային ինքնաշարժը: Այդ ինքնաշարժները պէտք է 3000 քմ ճանապարհ կարենան անցնիլ:

«Մենք ալ կ՝ուզենք այստեղ նմանատիպ բան ստեղծել` յոյս ունենալով, որ որոշ հետաքրքրութիւն պիտի առաջացնենք մասնագէտներու մէջ: Անոնք այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատին ա՛յն երազանքով, որ Հայաստանի մէջ դրուի արեւային ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւն»,- ըսած է փոխնախարարը:

Հայկ Յարութիւնեան դժուարացած է ժամկէտներ նշելու, քանի որ անիկա լիովին կամաւոր հիմունքներով կատարուող աշխատանք է: Բացի այդ` անհրաժեշտ պիտի ըլլայ հայթայթել նիւթական աղբիւրներ, քանի որ այս գաղափարը որեւէ ծրագիրի տակ չէ որ կ՝իրականացուի:

«Աշխոյժ աշխատանք կը տարուի, ստեղծուած է աշխատանքային խումբ, կը փորձենք առաջ շարժիլ: Անիկա լրիւ նոր ոլորտ է ու դժուար է Հայաստանի մէջ, օրինակ, ինքնաշարժներ նախագծող մասնագէտներ գտնել: Անհրաժեշտ են նաեւ որոշ նիւթական միջոցներ, ամենայն հաւանականութեամբ` մասնաւոր ընկերութիւններու եւ նուիրատու կազմակերպութիւններու պիտի դիմենք նիւթականի առաջարկով»,- ըսած է ան:

(Եռագոյն)








All the contents on this site are copyrighted ©.