2017-12-26 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մարեմեան Աղօթքը Ս. Ստեփանոս նախավկային տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 26 դեկտեմբեր 2017-ին կը յիշատակուի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ խորհրդածուին մը, որուն մէջ անդրադարձաւ ծիսական տօնին ու Սուրբ Ստեփանոսի վարքին ո յայտնելով թէ Ան «խարսխուած մնաց Յիսուսի պատգամին՝ մինչեւ մահ»։ Արդարեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Անոր վերջին խօսքերը եղան. «Տէր Յիսուս, ընկալէ իմ հոգիս» եւ «Տէր ասիկա մեղք մի համարեր անոնց»։ Այս խօսքերը կարելի եղան որովհետեւ Ստեփանոս լի էր Սուրբ Հոգիով եւ որովհետեւ Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ, մեռաւ ու յարութիւն առաւ մեզի համար, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ Տէրը միակ միջնորդն է մեր ու Աստուծոյ միջեւ, առանց որուն ոչ մէկ բան կարող ենք ընել։

Ֆրանչիսկոս Պապ առ այդ հրաւիրեց հաւատացեալները իրենք եւս Մսուրին առջեւ աղօթելու «Տէր Յիսուս, քեզի կը յանձնենք մեր հոգին, ընկալէ զայն», որպէսզի, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, մեր կեանքը դառնայ իսկապէս բարի՝ Աւետարանի ուսուցումի համաձայն։

«Յիսուս միջնորդն է որ մեզ կը հաշտեցնէ Հօր հետ» շեշտեց ապա Նորին Սրբութիւնը աւլեցնելով թէ «Ան սիրոյ ակնաղբիւրն է»  ու հրաւիրեց Անորմէ հայցել օգնութիւն՝ որպէսզի կարողանանք աւելիով վստահիլ Հօր ու սիրել մեր մերձաւորը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութինը աւարտեց հայցելով Մարտիրոսներու Մայր՝  Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը,  որպէսզի մեզի օգնէ ընկալելու Յիսուսը՝ որպէս մեր կեանքին տէրը ու դառնալու Անոր արի վկաները, պատրաստ ի գին կեանքին հաւատարիմ մնալու Աւետարանին։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները  մաղթեց որ այս տօնական օրերը հանդիսանան օրեր՝ ուր փորձարկուի միասին ըլլալու գեղեցկութիւնը ու Յիսուսի մեր մէջ ներկայութիւնը, ապա մատնանշելով այս օրերուն ընդունած բաեմաղթական պատգամներուն ըսաւ. «Կարելի չէ իւրաքանչիւրիդ պատասխանել, առ այդ այսօր բոլորին կը յայտնեմ իմ անկեղծ շնորհակալութինս, յատկապէս աղօթքի պարգեւին համար. Սրտաբուխ շնորհակալութիւն։ Տէրը թող ձեզ վարձատրէ առատութեամբ։ Բարի Տօն։ Բարեհաճեցնէք չմոռնալ ինծի համար աղօթելու - ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.