2017-12-23 09:13:00

Նախագահ Սարգսեանի կոչը աշխուժացնելու սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցներուն հետ կապերը


Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նախագահի նստավայրին մէջ ընդունելութեան  հրաւիրած էր լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչները:

Իր շնորհաւորական խօսքին մէջ նախագահը անդրադարձած է անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարեւորագոյն քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն կողմէ անոնց լուսաբանման: Հանրապետութեան նախագահը խօսած է նաեւ բարեփոխուած սահմանադրութեամբ ձեւաւորուող խորհրդարանական հանրապետութեան պայմաններուն մէջ «չորրորդ իշխանութեան» դերակատարութեան մասին, ներկայացուցած լրատուամիջոցներէն իր ակնկալիքները յառաջիկայ համապետական կարեւորագոյն շարք մը ձեռնարկներու լուսաբանման առումով:

Նախագահը իր խօսքին մէջ ըսած է. «Նախորդ երկուքուկէս տասնամեակին մենք կրցած ենք ձեւաւորել աշխուժ հասարակութիւն, հանրային կառոյցներ եւ իւրօրինակ ազատ լրագրութիւն: Որեւէ կասկած չունիմ, որ հասուն եւ կայացած ժողովրդավարական համակարգ կառուցելու ճամբուն վրայ անկախ ու անկաշկանդ լրագրողը պէտք է ըլլայ մեր հասարակութեան ամենատես աչքը:

Անցնող տարին լի էր ներքին եւ արտաքին կարեւորագոյն քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւններով, որոնք եղած են ձեր լուսարձակներու կեդրոնը: Դուք զանոնք բազմակողմանիօրէն լուսաբանած էք եւ անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը հասցուցած  հասարակութեան, քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ իշխանութիւններուն ուշադրութեան»:

Նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է 2 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, սեպտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցած Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի աշխատանքներուն: Հանրապետութեան նախագահը ըսած է. «Կոչ կ՛ուղղեմ գալիք տարիներուն աշխուժացնելու սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցներուն  հետ կապերը: 2040-ին չորս միլիոննոց Հայաստան ունենալու իմ տեսլականիս եւ ապագայ այլ ծրագիրներու մշակման ու իրականացման ընթացքին, վստահաբար, կ՛ակնկալեմ ձեր աւելի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.