2017-12-22 13:48:00

Հայկական վանականութիւնը պատմութեան հոլովոյթին


Նախորդ հաղորդումին մէջ խօսեցանք ժամերգութեան կամ հասարակաց աղօթքի մասին, որ անհրաժեշտ մասն է վանականներու կամ կրօնաւորներու կեանքին։ Սուրբ Սահակ Պարթեւի կանոններուն մէջ կը կարդանք՝ «սաղմոսերգութեան պաշտօնը թող ըլլայ անխափան՝ ցերեկ ու գիշեր, ըստ եպիսկոպոսի եւ հօր կարգաւորութեան. որովհետեւ օրինաւոր չէ կրճատել պաշտամունքի այդ կարգը, եւ ոչ ոք իշխանութիւն ունի ատոր, չէ կարելի նաեւ նորաձեւութիւններ ընել, այլ միշտ պէտք է մնալ այդ կարգաւորութեան մէջ։»

Հետեւաբար, հասարակաց աղօթքը, ժամերգութիւնը կը կատարուի խնամուած կանոնաւորութեամբ. կրօնաւորներ կը հետեւին Եկեղեցւոյ հայրերէն եւ վարդապետներէն մեզի հասած կարգաւրութիւններուն։ Եղիշէ Վարդապետ կը յիշէ՝ «Մանաւանդ անընդհատ անդադար պաշտամունքով զուարթ հոգիով հոգեւոր երգեր կը մատուցանեն բոլորի Հօր։ Իրար դիմաց կը կանգնին՝ աչքերը վար խոնարհած՝ նայելով իրենց ոտքերու մատներու ծայրերուն, բոլորին հայեացքը մէկ կէտի ուղղուծ է՝ աջ ձեռքը դրած ծնօտին, իսկ ձախը՝ կուրծքին, ինչպէս կարծեմ սորված են խորագէտ մարդոցմէ։ Եւ այսպէս կարգ ու կազմով՝ բոլորը վեցթեւեան սերովբէներու նման խմբուած՝ անդադար աղօթք կը հնչեցնեն դէպի վեր, եռաչափ օրհնութիւն կը հիւսեն՝ ի խորհուրդ իրենց Արարիչի հետ միասնութեան։ Ամբողջ ցերեկը կʼանցընեն քաղցր երգերով, յագենալով եւ զմայլելով երկնային կերակուրներով եւ լեցուելով՝ կը հասնին երեկոյեան ժամուն։»

Ահա վանականներու հասարակաց աղօթքի մթնոլորտը՝ ուրախ հոգի, ամփոփ վիճակ, նուիրուած Աստուծոյ փառաբանութեան։

Հասարակաց աղօթքը կամ ընդհանրապէս աղօթքը պէտք չէ խափանուի կամ ընդհատի որեւէ պատճառաբանութեամբ։ Ասոր մասին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գրէ Յաճախապատում Ճառերուն մէջ՝ «Եղբայրը պէտք չէ խափանէ ընդհանրական պաշտամունքը որեւէ պատճառով՝ բացի եթէ եկեղեցւոյ պէտքերով զբաղած է, այն ալ վերակացուի հրամանով. սակայն եւ գործի աւարտին՝ պէտք է կատարէ՛ աղօթքը։ Եւ որտեղ ալ գտնուի՝ պէտք է անձնապէս կատարէ աղօթքի պաշտամունքը անխափան. տան մէջ եղած ժամանակ, ճանապարհի վրայ, գործելու ժամանակ, ննջելէն առաջ եւ երբ արթննայ։ Եւ մտքէն պէտք չէ հանէ Աստուած յիշելը, այլ եւ կատարէ Անոր կամքը բոլոր կարողութիւններով՝ սրբութեամբ եւ արդարութեամբ. եւ մտքով միշտ դեգերի Աստուծոյ ողորմութեան դռներուն մօտ, անդադար խնդրանքներով, եռանդասէր հոգիով եւ ջերմեռանդ արտասուքներով՝ որպէսզի ընդունելութեան արժանի ըլլան իր աղօթքները եւ ամենակալ Աստուած պարգեւատու ըլլայ՝ որ բոլորին կը կամենայ փրկութիւնը եւ արժանացում՝ Յիսուսի Քրիստոսի արքայութեան։»

Գրիգոր Լուսաւորիչ կʼանդարադառնայ նաեւ վանքերու մէջ աշխատող պաշտօնեաներու եւ ուխտաւորներուն, որոնք պէտք է զգաստ վերաբերմունք ունենան երբ կը գտնուին վանքի մէջ։ Ան կը բացատրէ, թէ ի՛նչ կերպով կրօնաւորները պէտք է վարուին պաշտօնեաներուն եւ ուխտաւորներուն հետ, թէ ի՛նչ կերպով հոգան անոնց պէտքերը։ Այս բոլորին մէջ կարեւո տեղ կը գրաւէ վերակացուի կերպարը։ Յորդորներուն մէջ ան կը յիշէ նաեւ վանքի մէջ գտնուող անձերու կեցուածքը պահքի եւ աղօթքի նկատմամբ։ Ան կը գրէ՝ «Եւ հիւրերու տեսուչները՝ պէտք չէ անտեսեն կարօտեալները, եւ հիւրերու սնունդը պարտ են լեցնել զուարթամտութեամբ՝ ըստ իւրաքանչիւրի կարիքին. պտէք չէ աղմկեն խնդրանքներու համար՝ այլ սիրով եւ անխռով ճանապարհեն բոլորը, ըլլայ խօսքերով եւ ինչքերով։ Եւ ոչ մէկ պատճառով պէտք չէ լուծարեն հիւրերու պահքն ու աղօթքը, որպէսզի չզրկուին Աստուծոյ վարձքէն. այլեւ աղօթքներու ժամին պարտ են զգաստացնել բոլոր գործաւորները՝ որ հեղգանալու պատճառով դատաստանի առաջ չկանգնին։ Եւ բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ՝ պէտք է կառավարուին վերակացուի հրամաններով. որովհետեւ անոր ամէն մէկ ըսածը՝ ընդունելի պէտք է ըլլայ բոլորի կողմէ՝ Տիրոջ կամքով։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.