2017-12-22 08:22:00

2017ին Աշխարհի տարածքին առնուազն 98 լրագրողներ սպաննուած են:


ՖԵՇԻ, Զուիցերիա.- Լրագրողներու իրաւանց պաշտպան «Փրէս Էմպլըմ» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան ընթացքին (մինչեւ Դեկտեմբեր 15) աշխարհի տարածքին 97 լրագրողներ սպաննուած են՝ 28 երկիրներու մէջ։ Դեկտեմբեր 18ին հրապարակուած տեղեկագիրին համաձայն՝ այս տարի զոհերուն թիւը աւելի քիչ է, քան անցեալ տարի ¤144)։

Կազմակերպութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ 2008էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ 100էն նուազ թիւով լրագրողներ կը սպաննուին աշխարհի մէջ, իսկ վերջին տասը տարիներուն սպաննուած լրագրողներուն ընդհանուր թիւը հասած է 1197ի։

Լրագրողներու համար ամենավտանգաւոր երկիրը այս տարի Մեքսիքան էր, ուր սպաննուած են մամլոյ 14 աշխատակիցներ։ Այս թիւը 20 Դեկտեմբերին 15ի բարձրացաւ, երբ Մեքսիքայի Վերաքրուզ նահանգին մէջ, իր երեխային Կաղանդի հանդէսը դիտելու ընթացքին սպաննուեցաւ այլ լրագրող մը, որ ծանօթ էր ոստիկաններու զեղծարարութիւնները հետապնդելու մասին իր հաղորդումներով։

Լրագրողներու համար մահացու երկիրներու առաջին հնգեակին մէջ են նաեւ Իրաք ¤9), Աֆղանիստան ¤8), Հնդկաստան ¤8) եւ Փաքիստան ¤8)։ Վեցերորդ ու եօթներորդ տեղերը կը գրաւեն Ֆիլիփին ¤6) եւ Սուրիա ¤6), իսկ անոնց կը յաջորդեն Սոմալիա ¤5), Հոնտուրաս ¤4), Նիճերիա (3), Ռուսիա (3) եւ Թուրքիա (3)։

Միւս կողմէ, Նիւ Եորք հաստատուած Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը հրապարակած է իր տարեկան զեկուցումը, որ կը վկայէ 2017ին աշխարհի վրայ բանտարկուած լրագրողներու թիւի մրցանշային աճին մասին: Արդարեւ, աշխարհի տարածքին կը շարունակեն բանտարկուած մնալ առնուազն 262 լրագրողներ: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս ցանկը կը գլխաւորէ Թուրքիան, ուր բանտարկուած են 73 լրագրողներ: Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Չինաստանը (41), իսկ երրորդ դիրքը՝ Եգիպտոսը (20): Զեկուցումին մէջ կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ գործակիցներու դէմ ճնշումները առաւել սաստկացան Յուլիս 2016ին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք:

Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը աշխարհի տարածքին լրագրողներու դէմ ճնշումներուն աճը կը կապէ նաեւ լրատուամիջոցներու դէմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ունեցած խիստ դիրքորոշումներուն, որոնք որոշ չափով այլ երկիրներու ղեկավարներուն առիթ տուած են աւելի ազատ ըլլալու մամուլը լռութեան մատնելու իրենց ջանքերուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.