2017-12-09 09:13:00

«Պրեքզիթ»-ի շուրջ «բեկումնային» համաձայնութիւն


Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր երէկ կանուխ առաւօտեան Պրիւքսելի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ բաւարար յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, ինչ որ ճամբան կը հարթէ Բրիտանիա-Եւրոպական Միութիւն ապագայ յարաբերութիւններուն շուրջ բանակցութիւններու համար:

«Այսօրուան արդիւնքը, անշուշտ, փոխզիջում մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները դժուար էին թէ՛ Բրիտանիոյ, թէ՛ ալ Եւրոպական Միութեան համար:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտնեց, որ այս կէտին հասնիլը փոխադարձ զիջումներ պահանջած է: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն, ան յայտնեց, որ համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ Բրիտանիոյ մէջ միութեան երեք միլիոն քաղաքացիներուն իրաւունքները, եւ Եւրոպական Միութեան մէջ բնակող բրիտանացիներուն իրաւունքները եւս պիտի մնան անփոփոխ:








All the contents on this site are copyrighted ©.